ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ գիտեր տարին քանի Կիրակի օրեր ու Տաղաւար Կիրակիներ եկեղեցի կրնամ երթալ, կ՛երթամ եւ գացած եմ, կամ ալ՝ կ՛ուզեմ երթալ: Բայց այս բոլորը ի՞նչ անհամ հարցումներ են, եւ աւելին՝ որո՞ւ հոգը: Բայց…:
Գիտեմ, որ եթէ առիթն ունենամ կամ ինծի համար նման բան մը ստեղծուի, ոչ միայն կը փափաքիմ, այլ նաեւ ամէն ճիգ կը թափեմ, ու նոյնիսկ ընտանեկան կարգ մը պարտաւորութիւններէս խուսափելով կամ զանոնք զոհելով՝ յամառօրէն կը փորձեմ երթալ ու «չփախցնել» յատկապէս «Տէր Ողորմիա՛»ի բաժինը:

Փոքրուց, նախակրթարանի տարիներուս, տակաւին «դպիր» տարիքիս զիս մեծապէս տպաւորած էր այս «մասը»: Յուզիչ, նոյնքան ալ՝ խորհրդաւոր: Հոգեկան անտեսանելի կապի ստեղծում եւ տեսակ մը վերացում: Ի՛նչ կ՛ուզէք, հաշուեցէ՛ք, հոգս չէ. ես սիրած եմ այս բաժինը՝ զայն պաշտելու աստիճան: Ու ամէն անգամ, երբ եկեղեցի մտած եմ, հակառակ կնոջս կողմէ՝ աչքով «հոս եկուր, մօտս տեղ կայ» ցուցմունք-պնդումներուն, միշտ ուզած եւ նախընտրած եմ պատին տակ ոտքի կեցած մնալ եւ այդպէս մինակս, առանձնութեանս մէջ հետեւիլ արարողութեան, երգեցողութեան եւ հոգիս ու միտքս լեցնող քառաձայն պատարագին:
Նախ մտովի «Հայր Մեր»ս կ՛ըսեմ եւ ապա յիշողութեանս վրայ հիմնուելով՝ դարձեալ մտովի կը միանամ պատարագի արարողութեան եւ շարականներու երգեցողութեան: Ապա, երբ յանկարծ «խանգարուիմ», կամ աւելի ճիշդ՝ քրիստոնեայի իմ հասկացողութեամբ, կարգ մը անհոգ եւ անտարբեր «հաւատացեալներ»ու անգիտակից արարքները զիս անջատեն, կտրեն զիս վերացումէս եւ կեդրոնացումէս, կը սկսիմ շուրջիններս դիտելով «զբաղել»ու:
Ու յանկարծ, այս ընթացքովս, մեղա՜յ, հազար մեղայ, եկեղեցին ինծի համար կը դառնայ սովորական սրահ մը, ուր մէկ կողմէ կան իրենց հարազատ հաւատքով լեցուցած եւ ձեռքերնին երբեմն դէպի վեր պաղատագին բարձրացուցած մամիկներն ու պապիկները, միւս կողմէ՝ նեղ տափատներ հագած, զանազան զարդարանքներով կիներն ու իրենց սեւ շապիկներուն առաջին երկու կոճակները բաց թողած այրերը, մաքուր, կոկիկ ու պատշաճ հագած իրենց փոքրերուն միշտ «զգուշութիւն» թելադրող զոյգերը եւ մանաւանդ ձեռքերնին 5-6 մոմեր բռնած ու իրենք զիրենք եկեղեցի բերած՝ «ճինզեր» ու բարձր կրունկներ հագած երիտասարդ աղջիկներ, իրենց մէկ ձեռքը գրպանը պահող ու շապիկը դուրս ձգած տղաքը, որոնք անզգալաբար կը դառնան նայուածքս գրաւող, բանտարկող եւ ասպատակող տեսանելի ու երեւելի դէմքեր:
Հետաքրքրական երեւոյթ եւ՝ նոյնքան ալ ցաւալի: Յանցանքը կամ մեղքը սակայն իմս չէ, կը համոզեմ ես զիս ու ի տես այս տեսարաններուն, ուրախ եւ երբեմն ալ անհանգիստ ու մտահոգ զանազան բաներ միտքէս ըսելով՝ գլուխս կը շարժեմ: Բայց ի՛նչ ալ ըլլան աչքերուս հանդիպած կամ ականատես եղած այս «գունաւոր», տխուր ու երբեմն ալ ուրախ երեւոյթները, ամէն կերպով միշտ կը փորձեմ շուտով վերադառնալ նախկին վիճակիս եւ արդարացնել եկեղեցի գալս: Ու անկեղծօրէն կրնամ ըսել, թէ յաճախ շատ դժուար կը յաջողիմ իմ այս ճիգիս մէջ, իսկ երբեմն ալ՝ հակառակը պատահելով՝ Աստուծոյ այդ տան մէջ, ինծի բոլորովին անծանօթ անհատներու հետ նոյնիսկ վիճաբանութեան կը բռնուիմ, եկեղեցւոյ մէջ անոնց անպատշաճ կեցուածքէն թելադրուած իմ կատարած մատնանշումներուս կամ սաստումներուս պատճառով: Ու շուտով ես ինծի զգաստութեան հրաւիրած եմ:
Ո՞վ եմ ես: Ի՞նչ իրաւունք ունիմ եկեղեցի եկող նման մարդոց հետ այսպէս վարուելու կամ արտայայտուելու: Ե՞ս մնացի եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ մնալու կամ կենալու տարրական սովորութիւնները յարգել տուող միակ «ոստիկանը»: Ո՞ւր են այս պաշտօնի կոչուած, եթէ կան անշուշտ, անհատները: Եւ ապա, ո՞վ ինծի իրաւունք կամ պաշտօն տուած է այս թելադրանքները կատարելու: Ու եթէ ջղային մէկ «րոպէին», թելադրանք ստացող խօսակիցս զիս տեղւոյն վրայ հրէ, զարնէ, ապտակէ եւ կամ՝ բարձրաձայն վիճաբանի, ապա, դուրսը, եկեղեցւոյ կանգառին մէջ, քանի մը ընկերներով զիս անհամբեր սպասէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակս:
Այսպէս, ամէն անհամ առիթով միտքս արագօրէն կ՛աշխատի: Մտածումի տեսակաւոր փոթորիկներ, վայրկեանին կը հալածեն երաւակայութիւնս: Ներքին պրկում մը կը ցնցէ ամբողջ էութիւնս:
Նման մտածումներ մտաբերելով՝ այս Զատիկին եւս եկեղեցի գացի:
Անհաճոյ եւ տեւական հրմշտկող բազմութեան ալիքը, քանի մը վայրկեանէն զիս արդէն հասցուցած էր եկեղեցւոյ մեծ դրան մօտ, ապա իմ կողմէ քիչ մը ճիգով՝ վերջապէս ոտքս դրած եմ սեմէն ներս: Կին, զաւակ, թոռնիկ փնտռելու ժամանակը չէր: Կարեւորը հիմա ես ներսն էի: Կռնակս պատին տուած՝ կարմրած վիճակով նախ կը փորձեմ աղօթքս ըսել: Աղմուկ եւ անհամ իրարանցում: Անդադար ներս մտնողներու եւ ելլողներու անկարգ շարքեր կը խանգարեն զիս ու ես գրեթէ կռթնած, պարզ «Հայր Մեր» մը իսկ չեմ կրնար մտովին լման եւ անսխալ արտասանել: Անկեղծ ըսելով՝ չեմ յաջողիր: Տարօրինակ եւ անհաճոյ: æղայնացուցիչ եւ ամօթալի:
Քարոզի պահն էր արդէն, ուստի մոռնալով աղօթելու բաժինս՝ այս անգամ կը փորձեմ ուշադիր հետեւիլ օրուան պատգամին, Ս. Յարութեան՝ մեզի փոխանցուելիք խորհուրդին: Կրկի՛ն ձախողութիւն:
Ճիշդ կողքս կեցող կին մը, մէկ ձեռքին հեռաձայն մը, իսկ միւսին՝ ինքնաշարժի բանալին, իր «սուղնոց» պայուսակը ուսէն վար կախած՝ յանկարծ չեմ գիտեր ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս սկսած էր իր բարեկամուհիին հետ երկար զրոյցի «բռնուել»ու եւ ան ալ՝ բարձրաձայն:
Իր կեանքի մէկ տարուան պատմութիւնն էր, որ կը փոխանցէր շատախօս այս կինը՝ ճիշդ իրեն դիմաց կեցող, կռնակը խորանին տուած իր լսակից տիկնոջ: Ան ալ, իր կարգին, զայն կ՛այպանէր երկար ատեն այս լուրերէն հեռու եւ անմասն մնալուն համար:
– Խի՞ չես զանգում…:
Այդ վայրկեանին ինծի համար արդէն քարոզ-մարոզ չէր մնացած: Քովինիս ձայնէն իսկապէս բան մը լսելի չէր: Հիմա քարոզի փոխարէն կար իր հարսին դժուար յղի մնալու պատմութիւնը, մանչ թոռնիկ մը ունենալու ծանուցումը եւ ապա անցեալ Կիրակի օր նորածինը քառասունքէն հանելու արարողութիւնը՝ իրենց բոլոր «գունաւոր» մանրամասնութիւններով:
Աստուա՛ծ իմ, այս յիմար խօսակցութեան վերջ մը տալու համար ի՞նչ ընելու էի:
Շուարած էի: Երկուքն ալ չափն ու սահմանը անցած էին:
– Հոս եկեղեցի՛ է,- մտովի կը կրկնէի,- հայկական եկեղեցի եւ ոչ թէ փողոց: Կը վախնայի որ յանկարծ ջիղերուս «տէրը» չըլլալով՝ անհամ միջադէպի մը ստեղծման առիթ տայի: Ստեղծուած իրավիճակը հաստատապէս իմ հասկացողութեանս դէմ էր:
Անմիջապէս աչքիս առջեւ պատկերուեցաւ տակաւին երկու օր առաջ Քրիստոսի թաղման արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ մեծ խաչով եւ երկու մոմակալներով կազմուած տէր հօր արարողութեան երթը, թափօրը, որուն ընթացքին ներկայ եղող հաւատացեալները՝ մեծով ու պզտիկով, զիրար հրելով՝ կ՛ուզէին անպայման շուտով տէր հօր ձեռքի խաչը համբուրել, նոյնիսկ տէր հօր շուրջառը իրենց մատներով շօշափել եւ երեսնին քսել, սրբել:
Դեռ աւելին՝ բոլոր հաւատացեալները անհամբեր կը սպասէին խորանին առջեւ Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղիկներով ու վարդերով զարդարուած սեղանին տակէն անցնելու եւ դուրս գալու պահուն, երբ իրենց հետ փունջ մը ծաղիկ վերցնելով տուն պիտի տանէին:
Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ, որ նման տեսարաններ են, որոնք մեր հոգեւոր մշակոյթի ժառանգութեան եւ արմատներուն հանդէպ յարգանքի, սիրոյ ու մեծարանքի ինքնահաստատման ազդակները կ՛ամբողջացնեն: Ահա՛ մեր ժողովուրդին հաւատքը: Հաւատք, եւ ան ալ՝ հայո՛ւ հաւատք, որ վայրկեանին կը յուզէ քեզ:
Այս պատկերին առջեւ միտքս կրկին անգամ կ՛երթար երանաւէտ բաներու: Այդ օրուան ներկաներու հաւատքը զիս հեռուները տարած էր: Տեսարանը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ բաժնեկից ըլլալ հաւատքի համեստ Տան մեր Փրկիչի Յարութեան գեղեցիկ յիշատակին ու անկէ առաջ՝ Անոր գերեզմանէն արտացոլող լոյսին:
Յանկարծ կը զգաստանամ: Կրկին ես զիս կը փորձեմ կեդրոնացնել: Բայց դարձեալ կը լսեմ մօտս կեցող կնոջ ձայնը:
Շուտով կ՛որոշեմ՝ պէ՛տք է լռեցնել կամ զսպել այս կինը: Ալ հերի՛ք է: Եթէ այս երկու շատախօսները իրարու պատմելիքներ ունէին, այդ մէկը կրնային դուրսը ազատօրէն ու անկաշկանդ կատարել: Հոս տակաւին հաւատքի տան մէջ էին եւ ներելի չէր նման բաներ: Հոս հայկական եկեղեցի՛ է: Մեր ժողովուրդը իր լայն ու նեղ օրերուն, իր տառապանքի, հալածանքի կամ հանգիստ պայմաններուն, իր հոգիին ու միտքին մէջ ամրօրէն պահած էր իր մեծ հաւատքի այս հաստատութիւնը: Անոր համար խորհրդաւոր էր Հայաստանեաց եկեղեցին՝ իր անզուգական կառոյցով, դէպի վեր սլացող իր գմբէթով եւ իր գաղտնի ճամբայով: Եթէ այս երկու կիները նման բաներ չէին գիտեր, ուրեմն այս վայրկեանին իսկ եկեղեցւոյ մէջ մնալու իրաւունք չունէին:
Ուստի, համբերութեանս լեցուն բաժակէն մեկնած, շատ համարձակ իրենց դառնալով՝ քիչ մը ջղային եւ նոյնքան ալ բարկացոտ ձայնով ըսի.
– Տիկի՛ն, հերի՛ք է խօսիք, զիս կը խանգարէք:
– Խի՞,- անմիջապէս պատասխանեց իր ընտանեկան պատմութեան հեղինակուհին: Արտայայտութեան մէջ տեսանելի էր իր մեծ ընդվզումը, իսկ աչքերուն մէջ՝ ինծի հասցէագրուած բողոքի վայրի նայուածքը:
– Այո՛,- շարունակեցի վրդոված,- թողէ՛ք, որ ես ալ խօսիմ իմ Աստուծոյն հետ:
– Էհ խօսեցէ՛ք,- ըսաւ երկրորդը,- ազա՛տ էք:
Ըսաւ ու անտարբերութեամբ սկսաւ շարունակելու իր հին ընթացքը:
– Բայց ձեր ձայնը զիս կը խանգարէ,- շուտով պատասխանեցի այդ իմաստակ տիկնոջ:
– Մեզանից ի՞նչ էք ուզում, դուք դուրս ելէ՛ք, էնտեղ խօսեցէք. ո՞վ է ձեզ բռնողը,- այս անգամ յարձակողականի անցաւ միւսը՝ երկրորդը:
Զգացի, որ պատասխանը ոչ միայն անիմաստ էր, այլ նաեւ խորունկ հաւատքի ջիղերուս հասնելով՝ նաեւ անարգական: Ուստի ամէն բան «աչքիս առնելով»՝ աւելի բարձր ձայնովս, գրեթէ պոռալով, ըսի.
– Դո՛ւք դուրս ելէ՛ք, տիկին, ալ կը բաւէ, ամօ՛թ է. հոս եկեղեցի է…:
Այսչա՛փ միայն: Մեզ շրջապատողները լսելով շատ բարձր ձայնս՝ անմիջապէս ինծի դարձան:
Քրտինքս կը մատնէր ներքին խռովքս: Հիմա աւելի պատրաստ ու քաջալերուած՝ կը սպասէի գալիքին: Նախ փորձեցի աչքիս ծայրով նայիլ «հակառակորդներուս»՝ միաժամանակ հետեւիլ ձեւացնելով գրեթէ չլսուող արարողութեան:
Աստուա՛ծ իմ, ի՞նչ տեսնեմ: Չորս կիսագունդ աչքեր իմ վրաս կեդրոնացած՝ պատրաստ էին իրենց նայուածքներով զիս «բզկտելու», «հում-հում» ուտելու:
Յանկարծ կրկին լսեցի կնոջ փոթորկալից ձայնը.
– Արա՛, չէք ամաչում էդպէս գոռում էք:
Եւ ապա՝
– Թո՛ղ, Լիանա՛ ջան, առի գնանք, էս մարդը գիժ ա, առի դուրս գնանք…:
Ու զիս հրելով ու ծուռ-ծուռ նայելով ինծի՝ երկուքն ալ խճողումին մէջ կորսուեցան:
Մուրազիս հասած էի: Ուրախ էի, որ նախ տեղս քիչ մը լայնցած էր եւ միւս կողմէ ականջիս սկսած էր հասնելու քահանային՝ Ս. Յարութեան առթիւ կատարած բարի մաղթանքները:
Արդեօք այս է՞ր մեր կեանքը, մեր կենցաղը, մեր ժամանակէն ստացած թելադրանքը, մեր ճակատագիրի խաղը կամ, վերջապէս՝ մեր բնազդը: Չեմ գիտեր… միայն գիտեմ այն, որ դիւրին բան չէր հայ ըլլալն ու հայ մնալը:
Յաճախ ըսած եմ զաւակներուս եւ միշտ կրկնած, թէ օտարամուտ բարքերու զոհ դառնալով՝ մեզմէ կամովին կը հեռացնենք մեր ազգային եւ հաւատացեալի մեր մաքուր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Նման անհաճոյ եւ բազմապատկուած տեսարաններու ստեղծումով, մեր ազգային ինքնութեան ու կեանքին լեղի համ կու տանք: Այս մէկը տակաւին չենք կրցած ըմբռնել կամ լաւապէս գիտնալ ու հասկնալ:
Միայն գիտեմ, որ այդ օրը, երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայի, ես զիս յաղթական կը նկատէի, որովհետեւ իմ կարգիս, ես ալ ձեւով մը մաքրած էի Տիրոջ տունը:
Գրեթէ երջանիկ էի: