
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արշիլ Կորքիի «Խորգոմ» գործը 9 Մայիսին աճուրդի պիտի դրուի հռչակաւոր «Սոտըպի՛զ»ի մէջ։ Անիկա մաս կը կազմէ Ֆորթսմըն ընտանիքի հաւաքածոյին, անոր նախնական գինը 3-4 միլիոն տոլար է: Աճուրդի տան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, նկարը ամերիկեան վերացական արտայայտչականութեան եւ եւրոպական գերիրապաշտականութեան հանդիպումը կը հանդիսանայ։ Մասնագէտներու համաձայն, 1930ականներուն գերիրապաշտութեան ներթափանցումը Ամերիկա, օգնեց մեծ նկարիչին ստեղծելու իր նկարչական ուրոյն ոճը:
Նկարը գծուած է 1930ական թուականներուն, երբ Կորքի կարօտով կը յիշէր իր հարազատ գիւղը՝ Խորգոմը, որմէ ան հեռացած էր Եղեռնի տարիներուն: Արշիլ Կորքի՝ Ոստանիկ Ադոյեանը ծնած է Վանի մերձակայ Խորգոմ գիւղին մէջ 1902-1905 թուականներուն միջեւ: Ան Վանը լքած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով եւ մօր ու 3 քոյրերուն հետ անցած է Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող տարածք: 1919ին Կորքիի մայրը Երեւանի մէջ սովահար կը մահանայ, իսկ Կորքի կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ՝ իր հօր քով։ Զայն փնտռած ատեն ան կը փոխէ անունը եւ կը դառնայ Արշիլ Կորքի՝ այդպիսով ակնարկելով իր սիրած գրող՝ Մաքսիմ Կորքիի:
Ան կը նկատուի վերացական արտայայտչականութեան հիմնադիրներէն։ Ունի շարք մը նշանաւոր ու չափազանց արժէքաւոր գործեր։