ՊՈԼԻՍ.- Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները, որոնք փայլուն յաջողութիւններ ունին «Մայնտ լեպ» մտային խաղերու մարզէն ներս, այս տարի ալ նոր նուաճում մը արձանագրեցին եւ Թուրքիոյ ախոյեան հռչակուեցան։ Չորս տարիէ ի վեր անոնք անընդմէջ յաղթական կը հռչակուին։
Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս «Մայնտ լեպ»ի դասերը բարձր հիմերու վրայ դրուած են ու աշակերտներ կանոնաւոր կերպով կը հետեւին այս դասին, իրենց մտային կարողութիւնները զարգացնելու զուգահեռաբար, լաւագոյնս իւրացնելով նաեւ իրերօգնութեան ու միասնաբար շարժելու գաղափարները։
«Այս տարի Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններու շրջագծով աւարտական մրցումները տեղի ունեցան Գումգաբուի «Պէզճեան Ամիրա» սրահին մէջ։ Եզրափակիչին մասնակցելու իրաւունք ստացած էին Տօղան քոլեճը, Մէրամէթճեան վարժարանը, Կրթական նախարարութեան հիմնադրամի Պիւյիւքչէքմէճէ քոլեճը, Էսաեան վարժարանը, Իզմիրի զարգացման արհեստանոցի խումբը, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, Գարակէօզեան վարժարանը, Սկիւտարի ՍԷՎ վարժարանը եւ Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանը։ Մեր համայնքին համար մեծ ուրախութիւն էր նաեւ որ աւարտական փուլ հասած ինը վարժարաններէն 5ը հայկական վարժարաններ են եւ ասիկա կը նշանակէ որ համայնքային մեր վարժարաններու մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի այս դասանիւթին», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Մրցանակաւորները ընտրուեցան խաղերու ընդհանուր արդիւնքներու հիման վրայ եւ Մէրամէթճեանի մասնակիցները լաւագոյն ցուցանիշը ապահովեցին։
Այս տարի «Մայնտ լեպ»ի համաշխարհային ողիմպիականները պիտի կայանան 12-14 Յունիսին, Ռումանիոյ Սինաիա քաղաքին մէջ։