ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Պատմական իրականութիւններ ծածկելու նպատակով ու դիւանագիտական հաշիւներով կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք պարզապէս թաւշեայ հանդերձանքներու մէջ պարուրուած սուտեր են, ոչ միայն չեն կրնար ջնջել պատմական իրողութիւնները, այլ նաեւ այդ սուտերուն հետեւանքները դարմանելու աւելի մեծ պարտադրանքի տակ կը դնեն ստախօսը: Սակայն, քաղաքական ուժին արթած ամենակարողութեան զգացումով տարուած քաղաքական գործիչներ, յաճախ չեն մտահոգուիր ձիւնագնդակի մը նման մեծցող իրենց սուտերուն հետեւանքներով ու կը փորձեն իրենց սուտերը ծախել աջ ու ձախ:
Սուտի այս վաճառականներէն մէկը հանդիսացող Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, Սլովենիա իր այցելութեան ընթացքին անգամ մը եւս դիմած է պատմութիւն խեղաթիւրելու հնարքին՝ պնդելով, թէ Թուրքիան առաջին քայլերը կատարած է Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար: Էրտողան կը փորձէ այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ Թուրքիան չափահաս այն երկիրն է, որ կը փորձէ շրջանի հարցերը լուծել՝ միաժամանակ «մոռնալով», որ նշեալ երեք երկիրներուն պարագային ալ, Թուրքիան եղած է նոյն այդ բնականոն յարաբերութիւնները ոտնակոխող երկիրը:
«Չեմ ըսեր, թէ պէտք է մոռնալ պատմութիւնը: Պատմութենէն պէտք է դասեր քաղել», ըսած է իր երկիրի պատմութենէն ոչ միայն դասեր չքաղող, այլ նոյնիսկ զայն ուրանալ փորձող Էրտողանը՝ ցոյց տալով, թէ որքա՛ն կը յարգէ ինքզինք: