– Մայիս 8ին հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը վերջին երեք տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով աւելի շատ եկամուտ ունեցած է, քան ծախս՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին ապահոված ըլլալով 58 միլիառ տոլարի շահ մը, շնորհիւ եկամուտի տուրքերուն:
– Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Մայիս 7ին յայտարարեց, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կարեւոր քայլեր առած է փոքրամասնական վագըֆները (հիմնարկութիւնները) իրենց տէրերուն վերադարձնելու գործին մէջ: «Դժբախտաբար, երկար տարիներ մեր երկրին մէջ, տարբեր պատճառներով անընդունելի դիրքորոշում մը դրսեւորուած է փոքրամասնական վագըֆներու շուրջ, որոնց հետ միասին հարիւրաւոր տարիներ ապրած ենք», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ անցեալ տարուան Օգոստոս 27ի որոշումէն ետք կատարուած են 88 դիմումներ, եւ 18 կալուածներ իրենց վագըֆներուն վերադարձուած են։
– Մայիս 8ին, Թուրքիոյ տարածքին 28 քիւրտ կամ քրտամէտ գործիչներ եւս ձերբակալուեցան, անցեալ տարի սկսած քրտամէտ գործիչներու լայնատարած ձերբակալութեան արշաւին ծիրէն ներս: Ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են Պոլսոյ, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Մուշի, Անգարայի եւ Էսքիշեհիրի մէջ:
– Հակադարձելով ամերիկեան պատժամիջոցներուն, Իրան Մայիս 8ին սկսած է իր քարիւղը Չինաստանին վաճառել չինական դրամանիշով՝ եուանով՝ տոլարի փոխարէն: Չինաստան Իրանէն տարեկան կը գնէ միջին հաշուով 30 միլիառ տոլար արժող քարիւղ, որուն մէկ մասին փոխարէն Իրանը չինական ապրանքներ կը ստանայ: Աւելի կանուխ, Հնդկաստան սկսած էր ներածուող իրանական քարիւղը գնել իր ազգային դրամանիշով՝ ռուփիով:
– Ատրպէյճանի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման կեդրոնին համաձայն, երկիրի քաղաքացիները իրենց եկամուտի՝ միջին հաշիւով՝ 70 տոկոսը կը ծախսեն սնունդի վրայ, մինչ զարգացած երկիրներու մէջ այդ ցուցանիշը միայն 20 տոկոս է:
– Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետը Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Աֆղանիստանի շուրջ քննարկումներ կատարելու համար Ուաշինկթըն մեկնեցաւ Մայիս 8ին: