ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Այլեւս հանրայայտ իրողութիւն է, թէ գիրքի տագնապը տիեզերական բնոյթ ստացած է եւ գուցէ քիչ մը աւելի շեշտուած՝ հայ իրականութեան մէջ, շնորհիւ հայկական գրաշխարհին մէջ տիրող անփոյթ վիճակին ու կարգ մը արհեստավարժ ու «էլիթիստ» գրող քննադատներու ստեղծագործական ամէն ճիգ անտեսնելու յաճախանքին:
Հակառակ այս իրողութեան, հայ իրականութեան մէջ տակաւին գոյութիւն ունին անյաւակնոտ գրիչներ, չըսելու համար՝ հայ դպրութեան խոնարհ ծառաներ, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ իրենց շուրջ բարձրացող անտարբերութեան դէմ՝ բացարձակապէս մերժելով յանձնուիլ տիրող խորշակին, ու մեծ զոհողութիւններու գնով կը շարունակեն հայ ընթերցողին ընծայել ստեղծագործական իրենց արգասիրքը։
Պայքարի նոյն դրօշին տակ կը գործեն նաեւ հայ դպրութեան անյաւակնոտ այն ծառաները, որոնք գրական իրենց ծրագիրները մէկ կողմ թողած՝ իրենց գրչեղբայրներուն նորագոյն ստեղծագործութիւնները գրախօսելով՝ կը փորձեն ընթերցող հասարակութեան ծանօթացնել զանոնք, եւ այդ մէկը կը կատարեն անշահախնդրօրէն, թելադրուած հայ դպրութեան հանդէպ սնուցած իրենց պաշտամունքէն։
Գրական արդի հասկացողութեամբ, գրախօսելը բնաւ չենթադրեր հեղինակի մը գործը պատէ պատ զարնել, ոչ ալ հեղինակը անտեղիօրէն շողոմել։ Այո՛, արդիական մօտեցումով, գրախօսելը՝ հեղինակի մը գրական հունձքը ծանօթացնելու կը ծառայէ ընթերցող հասարակութեան, մեկնած այն իրողութենէն, որ նոր հրատարակութիւն մը հայ ընթերցողին հասցնելու քաղաքակիրթ, արդի մեխանիզմ-դրոյթը, դժբախտաբար, անգոյ է հայերուս մօտ։
Ուրեմն, մենք ալ հայ ընթերցողին հետ հարց պիտի տանք, թէ ի՞նչ բան այդ խումբ մը նուիրեալները կը ստիպէ, որ իրենց աչքին լոյսը սպառելով ու սուղ ժամանակը զոհելով՝ երեք-չորս հարիւր էջեր հաշուող գիրք մը ծայրէ ծայր կարդան ու գրախօսեն զայն, առանց գրական քննադատի յաւակնութիւններու… Քանի որ մեր օրերուն, գրական քննադատութիւնը հասած է այնպիսի անել վիճակի մը, ուր դիազննութիւնն ու թաղման արարողութիւնը կը շփոթուին հիւանդին կեանքը փրկելու դեղատոմսին հետ:
Արդ, երբ Լիւսի Սիւլահեանի նոր հատորը սկսայ թերթատելու, վերը նշուած ախտաճանաչումները ակամայ մտորումներու խթան հանդիսանալով՝ ինծի թելադրեցին, որ նստիմ ու ներկայ գրախօսականը գրեմ, մասնաւորապէս տպաւորուած հեղինակին անսակարկ նուիրումէն ու կատարուած գործին անփոխարինելի բնոյթէն:
Լ.Ս.ին նոր հատորը ծաղկաքաղ մըն է, ուր մէկտեղուած են սուրիացի արաբ գրողներու գործերու թարգմանութիւնը, որուն միջոցով հայ ընթերցող հասարակութիւնը պիտի ծանօթանայ տեղացի տաղանդաւոր ու հանրայայտ գրողներու ստեղծագործութիւններուն։ Յուզիչ զուգադիպութեամբ մը, «Ծաղկաքաղ»ին մէջ տեղ գրաւած գրողներէն՝ դոկտ. Իսկէնտէր Լուգա եւ թատերագիր Ուալիտ Ըխլասի, այս տողերը գրողին նման Սուրիոյ Ալեքսանտրէթ ծովեզերեայ քաղաքի ծնունդը եղած են, իսկ դոկտ. Եուսէֆ Շավքաթ՝ Թարթուսի։ Ծննդոցիս ու անտիպ վէպիս հետ կապուած զոյգ մը հոգեհարազատ քաղաքներ, ուր օրօրուեցաւ եւ քիչ ետք խոշտանգուելու սկսաւ անարեւ մանկութիւնս։
Սակայն էութեանս մէջ խոցի վերածուած իրողութեան վերածուած է դաւադրական այն մի՛ւս արարքը, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները, անձագիրիս մէջ իբրեւ ծննդավայր՝ Սուրիոյ փոխարէն ջարդարար Թուրքիոյ անունը զետեղած են՝ պղծելով անոր անարատ էջերը… հակառակ հանրածանօթ այն իրողութեան, թէ Ալեքսանտրէթի Սանճաքը միայն 1936ին շնորհուեցաւ Թուրքիոյ…
Այո՛, Լիւսիին կազմած հաւաքածոն հպարտութեան թրթիռներու կողքին, իմ մէջ արթնցուց ոսոխին հանդէպ վրէժի դառն զգացումներ, իմ եւ սուրիացի գրչեղբայրներուս հաշւոյն։ Գուցէ այս պահուս հարց բարձրացուի, թէ աշխարհներ անդիէն ու տասնամեակներու հեռաւորութենէն քանդելով ժամանակ ու տարածութիւն, ինչո՞ւ սա կապուածութիւնը երկրի մը ու ժողովուրդի մը, որ ոչ միայն իր դռները բացաւ տարագիր հայ բեկորներուն առջեւ, առաւել եւս՝ իր սի՛րտը՝ օգնելու համար անոնց վերապրումի ճիգերուն ու վերածնունդի՛ն։ Ի հակադրութիւն Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ, որոնք «Գաղտնի բանակային»ի հետ շփոթելով՝ մերժեցին ծննդավայրս այցելելու իմ բերկրանքը ու երեսս շպրտեցին անցագիրս։ Միւս կողմէ՝ Մեծն Սուրիան մարդկային հարազատ իր երեսով ներկայացաւ աշխարհին:
– Բոլոր էութեամբ կը նզովեմ քեզ, ասպետակա՛ն Ֆրանսա. արդեօ՞ք հայկական Կիլիկեան ու Արեւմտահայաստանը բաւարար չէին քծնանքդ հասցէագրելու Քեմալ Աթաթիւրքին. դեռ աւելին՝ Սանճաքն ալ աւելցուցիր կաշառքներու անարգ ցանկին ու մեզ՝ քու պիղծ քաղաքականութեան մատղաշ զոհերը, բեռնաթափեցիր Թարթուսի անապատը, ուր միայն տատասկ կը բուսնէր եւ ուղտերու երամներ կ՛արածէին։
Անդին, Արաբերէն լեզուին հանդէպ զգացած խղճի խայթոցս աւելորդ պատճառ մըն էր հարազատի պէս գրկելու Սիւլահեանի շքեղ հատորը։ Տասը տարին քիչ ժամանակ չէր արաբերէն լեզուին տիրապետելու։ Սակայն արաբերէնի մեր ուսուցիչներուն նշանաւոր անտարբերութիւնը մէկ կողմէ, հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով առինքնուած ըլլալու իրողութիւնը՝ միւս կողմէ, պատանի այդ տարիքին մեզ ստիպեցին ակամայ կռնակ դարձնելու արաբերէնին։ Շրջապատն ու գոյութեան պայքարը չօգնեցին որ ինքնաշխատութեամբ զարգացնէինք մեր սորված թերի արաբերէնը, երբ կանուխէն կեանքի ասպարէզ նետուելու հանգրուանին զուգադիպեցաւ լիբանանեան քաղաքացիական արիւնալի պատերազմը, ու բոլորովին շրջեց գաղթական հասարակութեան մեր նախապատուութիւնները։
Միւս կողմէ, գրող մտաւորական Լիւսիի հատորին ծանօթանալով՝ ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, թէ Սիւլահեաններու, հայագէտ արաբ գրող Նիզար Խալիլիի եւ Պէյրութի «Շիրակ» ամսագիրի նախկին խմբագիրներէն Օննիկ Սարգիսեանի միացեալ ճիգերով, նուիրեալներու այս փաղանգը մղիչ ուժն ու աշխոյժ արտայայտիչը պիտի դառնար հայ եւ արաբ մտաւորական գրողներու եւ զոյգ մշակոյթներու մերձեցման։
Ընթերցողին համար հաճելի եւ յուզիչ անակնկալ մը պիտի դառնայ այն իրողութիւնը, թէ ՀԲԸՄի եւ անխոնջ միւս դերակատարներու կողքին, ազգօգուտ, մշակութային այդ շարժումին յաջորդաբար խթան հանդիսացած են Հալէպի թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդներ՝ Լայէքեան եւ Միրեաթեան արքեպիսկոպոսները։ Իսկ Լիւսի Սիւլահեանի 430 էջեր հաշուող ներկայ շքեղ հատորը լոյս տեսած է այս վերջինին մեկենասութեամբ։ Տնտեսականէն աւելի կարեւորը՝ առաջնորդ հայրը իր կարգին արաբ քանի մը գրողներու գործերը հայերէնի թարգմանած է գրաւիչ հայերէնով մը, որ զուրկ է հայ կղերը յատկանշող ուռուցիկ, հռետորական շեշտաւորումէ։ Սրբազան հայրը գեղագէտ գրողի ոճով օժտուած է կարծէք, վերո՛ւստ։
Վերջապէս, հատորի երկայնքին, աչքի կը զարնէ Լիւսի Սիւլահեանի անսահման նուիրումը։ Հէգ գրագիտուհին, մատղաշ հասակէն բժիշկ իր ամուսնոյն հետ, հայ եւ արաբ մշակոյթները իրարու ծանօթացնելու մտալլկումը ապրած է եւ իր այդ կիրքն ու նուիրումը առաքելութեան վերածելով՝ փոխանցած է իր զաւակներուն ու նորահաս սերունդին, ինչ որ արժանի է ամէն գնահատանքի։ Արդարեւ, եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, անիկա գրական իր ստեղծագործութիւններուն զուգահեռ, կեանքի նպատակ ու պարտականութիւն դարձուցած է արաբ գրողներու գործերը հայերուն, իսկ հայ գրողներունը՝ արաբներուն ծանօթացնելը՝ սատարելով երկու մշակոյթներու ու ժողովուրդներու հոգեւոր մերձեցման ու հաղորդութեան։ Ի զուր չէ, որ Սուրիոյ տարածքին հայ եւ արաբ մշակոյթներու փոխյարաբերութեան սատարող Դեսպանուհիի մակդիրը շնորհուած է անոր։
Ծաղկաքաղի երկայնքին ներկայացուած են սուրիացի երեսունվեց գրողներու կենսագրականն ու անոնց ստեղծագործութիւններէն նմոյշ-թարգմանութիւններ, որոնք հաճոյքով կը կարդացուին։ Կայ նաեւ հայոց հանդէպ կարծիքներու ու անձնական տպաւորութիւններու բաժին մը, ուր դրուատական իրենց անկեղծ խօսքերով ընդառաջ կու գան Սուրիոյ մեծագոյն գրողները։
«Զարմանալի ժողովուրդ են հայերը, իւրայատուկ, պարկեշտ, լուրջ, բարեկամութեան մէջ հաւատարիմ եւ անձնուէր:
«1915ին Սուրիա հասնելով՝ զերոյէն սկսան իրենց կեանքը, եւ շնորհիւ իրենց զօրաւոր կամքին, իրենց ուշիմութեան, ճարպիկութեան եւ ճարտարութեան, արհեստի եւ արուեստի մէջ կամաց-կամաց ամուր հիմերու վրայ դրին իրենց տունն ու տեղը՝ մեզի նման սուրիական քաղաքացի դառնալով»։
Տոքթ. Զուհէյր Էմիր Պուրաք
«Իմ յարաբերութիւններս հայ հայրենակիցներուս հետ վաղուց է։ Երբ սկսայ արաբական գրականութիւն դասաւանդելու Հալէպի Լազար Նաճարեան երկրորդական վարժարանին մէջ, առօրեայ այս շփումը պատճառ եղաւ, որ անձամբ աւելի մօտէն, խորապէս ճանչնամ հայերը։ Աշխատանքի հանդէպ անոնց ունեցած եռանդը, արուեստի, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ ցուցաբերած սէրը եզակի է»։
Ճորճ Սալեմ
«Հայերը հնամենի ժողովուրդ են։ Անոնց արմատները խրուած են քաղաքակրթութեան խոր ակունքներու մէջ։ Հայ ժողովուրդը իր հերոսութեամբ ու զոհողութեամբ ունի պատուաբեր անցեալ մը, իսկ ստեղծագործական կալուածին՝ գիտութեան, գրականութեան ու արուեստի բնագաւառներուն մէջ՝ մնայուն արժէքներ, բոլորն ալ հրաշալի եւ ուշագրաւ։ Հայերը, արաբներու նման, գթասիրտ ժողովուրդ են, վեհանձն եւ հիւրասէր, եւ պատրաստ են միշտ օժանդակելու խեղճին ու տկարին։ Անոնք մեզի պէս չեն ենթարկուիր բռնաւորին, չեն հանդուրժեր անարդարութեան ու ապերախտ չեն գտնուիր իրենց բարիք ընողներուն հանդէպ։ Եթէ խոստացան՝ կը յարգեն իրենց խոստումը, ու եթէ լծուին չարիք մը վանելու՝ կ՛ըլլան նախակարապետները այդ պայքարին»։
Ռիատ Ապտալլահ Հալլաք
Ստորեւ ցանկը՝ Ծաղկաքաղին մէջ ընդգրկուած սուրիացի արաբ մեծ գրողներուն.
Նիզար Խալիլի, Նիզար Գապպանի, Քոլեթ Խուրի, Մեծն Խալիլ Հինտաուի, Տոքթ. Ապտիւլ Սալամ Ընճէյլի, Հատել Սպաաի, դոկտ. Իսկէնտէր Լուգա, դոկտ. Մոհամմետ Ալթունճի, Ժումանա Թահա, Զաքարիա Թահեր, Ապտիւլ Ռահիմ Հիւսնի, դոկտ. Օմար Տագգաք, Սաատալլա Ուաննուս, Ուալիտ Ըխլասի, դոկտ. Շեհլէ Ըճէյլի, Հաննա Մինա, Ապտօ Մուհամմետ, տոքթ. Զուհէյր Էմիր Պուրաք, Ալի Պատտուր, Տիա Գասապճի, Մոհամմետ Ռաուուֆ Պեշիր, Հիման Ռեմզի Նուէյլաթի, Ճորճ Սալեմ, Ռիատ Հալլագ, Մահմուտ Ալի ալ Սայիտ, Նաճմելտին Սամման եւ դոկտ. Շաուքաթ Եուսէֆ։
Իսկ հայ թարգմանիչներուն ցանկը՝
Պետրոս արք. Միրիաթեան, Նիզար Խալիլի, Սարգիս Զաքարեան, դոկտ. Վաչէ Խազարեան, Յովսէփ Նալպանտեան, Մատոնա Սէրայտարեան, տոքթ. Ռոպերթ Սիւլահեան, Նազար Նազարեան, Զեփիւռ Թամերեան, Լեւոն Շառոյեան, Տոքթ. Ալեքսան Քէշիշեան, Մակի-Վերա Սիւլահեան, Ատրինէ Նահապետ Երէցեան, Միհրան Մինասեան եւ Նայիրի Քէջօ։
Լիւսի Սիւլահեանն ու իրեն համախոհ հայ գրող մտաւորականները երախտաշատ աշխատանք կը տանին՝ հայ դպրութիւնը ծանօթացնելով արաբախօս հասարակութեան, իսկ միւս կողմէ՝ մեր արաբ գրչեղբայրներուն գործերը կը ծանօթացնեն աշխարհացրիւ հայ ընթերցողին։ Ասոր կողքին, հալէպահայ գրագիտուհին տուած է գրական բաւական պատկառելի հունձք մը, որ ամբողջութեամբ թարգմանուած է արաբերէնի եւ այլ լեզուներու.
«Անաւարտ սիրանուագ»
«Տուայտող հոգիներ»
«Կարմիր հեծանիւը», (մանկապատանեկան)։
«Հսկայակազմ տղան», (մանկ.)
«Փոքրիկ հերոսներ», (մանկ.)
«Սպիտակ Իշխանուհին», (մանկ.)
(Օննիկ Սարգիսեանի նուիրուած մենագրութիւն)
Ստորեւ՝ գրող ու երեսուն հատորներու թարգմանիչ դոկտ. Շաուքաթ Եուսէֆի մէկ գրութիւնը՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի Գողգոթային։
Հայոց Ողբերգութիւնը
Հայ ժողովուրդը բնաջնջելու յստակ որոշումը առնուեցաւ Փանթուրքիզմի կողմէ, իսկ հայերը թրքացնելու քաղաքականութիւնը՝ Օսմանեան պետութեան կողմէ:
20րդ դարու սկիզբը գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային պատմութեան ամէնէն զազրելի ոճրագործութիւնը կը սեպուի։
Անարգ այս ոճիրը արատաւորեց 20րդ դարուն դիմագիծը:
Մարդկային սարսափելի այս ջարդի մասին լսած եմ ականատեսի վկայութիւններ, նոյնպէս կարդացած եմ այն փաստարկումները, որոնք ամբողջութեամբ հրատարակուած են սուրիական մամուլին մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, արաբական աշխարհին մէջ՝ Լիբանան, Եգիպտոս, Իրաք, Յորդանան եւ այլն, չկայ արաբ անհատ մը, որ լսած չըլլայ պատմական այս եղելութեան մանրամասնութիւնները։
Մեր նախահայրերը գրկաբաց ընդունեցին պատմական Հայաստանէն, հարազատ իր հողերէն պոկուած տարագիր հայ ժողովուրդը, եւ իրենց հացը կիսեցին անոր հետ։ Հիմա մեր հայ հայրենակիցները մեր կողքին կ՛ապրին որպէս հարազատներ։
Փանթուրքիզմի ծայրայեղութիւններէն տուժած են նաեւ ասորիները, յոյները եւ այլ փոքրամասնութիւններ։ Ինչպէ՞ս բացայայտել մարդկային այս մեծ ողբերգութեան դրդապատճառները եւ բանալ հարցին ներքին ծալքերը:
Առաջ կը քշուին կրօնական անհանդուրժողականութիւնը, քրիստոնեայ-իսլամ առկայ պայքարը, քրտական աշիրէթներու եւ ցեղախումբերու բնածին բարբարոսութիւնը։ Իսկ հայերը կ՛ամբաստանուին որպէս «գործակալ ու Եւրոպային ծախուած տարրեր», եւ այդպիսով՝ դաւաճան կը դառնան Օսմանեան պետութեան աչքին։
Անկարելի է չյիշել Լոյտ Ճորճին խօսքերը, որոնք գրուած են այս ջարդի մասին: «Թուրքերը քաղաքակրթութեան օրրան Միջագէտքը վերածեցին անապատի եւ գործադրեցին հայերու ջարդը»։
Միջին Արեւելքի ժողովուրդները սկսան ձերբազատուելու Օսմանեան ստրկութենէն եւ թօթափել անոր ծանր լուծը։ Երբ Իթթիհատականները իշխանութեան գլուխ անցան, թուրանական իրենց դաժանութիւնը օգտագործեցին՝ ջանալով թրքացնել երկրին հպատակները։ Փորձեցին նաեւ հիմնել Թուրանական կայսրութիւնը։
Այդ հանգրուանին իշխանութեան վերնախաւը մուտք գործեցին «սիոնիզմ»ն ու «տէօնմէ» հրեաները։ Թուրանական հիմնադիր խմբակին տասնմէկ անդամներէն ութն՝ տէօնմէ հրեաներ էին, որոնք նոր լօզունգով յառաջ քշեցին եւ գործադրեցին հետեւեալ ծրագիրը. «Փանիսլամութիւնը»ը փոխարինել «Փանթուրանիզմ»ով եւ կերպով մը վերականգնել Ճենկիզ Խանի բարքերը։
Օսմանեան պետութիւնը կը կոչուէր «հիւանդ մարդ», եւ «հիւանդ մարդ»ու տկարութենէն օգտուելով՝ անոնք իրենց «ժառանգ»ի բաժինը կ՛ուզէին կորզել։ Այսպիսի քաղաքականութեամբ եւ սկզբունքի կիրարումով սկսան ջարդերը եւ փոքրամասնութիւնները թրքացնելու քաղաքականութիւնը:
Ուրեմն, շրջանի ժողովուրդները մնացին թրքական մուրճին եւ եւրոպական սալին միջեւ։ Հայ ժողովուրդը ամէնէն սուղ գինը վճարեց։ Մէկ ու կէս միլիոն մարդ նահատակուեցաւ, հարիւր հազարներ որբացան, մեծ մասն ալ անյայտացաւ։ Քանի որ հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամէնէն արթուն եւ յառաջադէմ ժողովուրդն էին, այդ պատճառաւ ալ անոնք ամէնէն շատ տուժեցին։
Անմարդկային այդ արարքը գործադրուեցաւ մեղսակցութեամբ եւրոպական երկիրներու, որոնք մաս կազմեցին սոյն ծրագիրին՝ «հիւանդ մարդ»ու ժառանգութենէն իրենց բաժինը կորզելու։
Եւրոպացիները անտեսեցին թէ՛ քրիստոնեայ, թէ՛ իսլամ ժողովուրդները։ Գերմանիա գործնականապէս քաջալերեց երիտթրքական ծրագիրները։ Անգլիան զանազան ձեւերով հրահրեց զանոնք։ Ռուսիան գրգռեց ու յուսադրեց հայ ազգայնականները, ապա լքեց զանոնք։
Մարդասպան խուժանին դիմաց աչք գոցելով՝ Ֆրանսան ալ իր կարգին դաւաճանեց հայերուն, կռնակէն դաշունահարելով իր երէկուան դաշնակիցները։ Եթէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը թուրքերու պարտութեամբ չաւարտէր, ապա քիչ ետք կարգը պիտի հասնէր արաբներուն։
Լորանս, այս առնչութեամբ կ՛ըսէ. «Թուրքերը ջարդեցին հայ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ անոնք հայեր էին եւ ոչ թէ քրիստոնեաներ»։
Իթթիհատականները մտադրած էին նոյն քաղաքականութիւնը գործադրել արաբներուն հանդէպ, ինչպէս ըրած էին հայերու պարագային։ Նոյն պատճառաբանութեամբ բանտերը նետեցին իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբները ու կողք կողքի կախաղան բարձրացուցին զանոնք։
Կրնանք հայերուն ճակատագիրը նոյնպէս բաղդատել պաղեստինցիներուն հետ, որոնք հայերու նման իրենց հողերէն տարագրուելով՝ դարձան գաղթական։ Անցեալի խժդժութիւններէն դաս քաղելով՝ պէտք է ամէն գնով արգելք հանդիսանանք, որպէսզի նոյնը չկրկնուի։
Չվստահինք Արեւմուտքի խոստումներուն։ Մեծապետական քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը՝ հիմնուած սեփական շահի վրայ, ուր իշխողը հաշուարկներն են, այլ ոչ թէ մարդկային բարոյական սկզբունքները։
Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին այսօր, աւելի քան երբեք։
ԴՈԿՏ. ՇԱՈՒՔԱԹ ԵՈՒՍԷՖ
Թարգմ.՝ Մակի-Վերա Սիւլահեան