ՓԱՐԻԶ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Շաւիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը կը հիւրասիրէր «Ֆրանսա-æաւախք» միութիւնը, ներկայացնելու համար Վրաստանի հայկական տարածքներու ներկայ իրավիճակը եւ տարած գործունէութիւնը:
Նախ, ուշադիր բազմութիւն մը ունկնդրեց Շաւիլի հոգեւոր հովիւ Գուրգէն վրդ. Աղապապեանի æաւախքի մասին կատարած պատմականը, նախաքրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 1920ական թուականները եւ անոր ներառումը Վրաստանի հանրապետութեան կազմին մէջ:
Ապա, միութեան անդամ Յովհաննէս Քիւլչէեան տուաւ Ջաւախքի այսօրուան վեց շրջաններու ընդհանուր պատկերը, իրենց ազգաբնակչութեամբ.
Ախալքալաք՝ 62,000 հայ
Նինոծմինտայ, նախկին՝ Պոկտանովկայ՝ 35,000 հայ
Ախալցխա՝ 18,000
Ասբինծա՝ 2500
Պորժոմ՝ 3000
Ատիկէն՝ 1300
Ընդհանուր գումար՝ շուրջ 120,000 հայ, ընդհանուր 210,000 բնակչութեան դիմաց:
«Ֆրանսա-Ջաւախք» միութիւնը ստեղծուած է 2009 թուականին: Անոր հիմնական նպատակներն են.
1. Հանրութեան տեղեկացնել Ջաւախքի բնակչութեան իրավիճակին մասին.
2. Օգնել՝ կեանքի լաւագոյն պայմաններ ապահովելու Ջաւախքի բնակչութեան.
3. Մատնանշել վրացական իշխանութիւններու իրաւական խախտումները՝ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ.
4. Դրամահաւաքի դիմել՝ ծրագիրներու գործադրութեան համար:
Իսկ իբրեւ քաղաքական պահանջ՝ միութիւնը կը հետապնդէ՝
1. Ջաւախքի ինքնավարութիւնը, դաշնակցային Վրաստանի մը ծիրէն ներս.
2. Հայկական ինքնութեան եւ լեզուին պահպանումը.
3. Հայերէնի օգտագործումը Ջաւախքի պետական բոլոր հաստատութիւններէն ներս.
4. Արտագաղթի եւ ձուլման դէմ պայքար:
Երեկոյթի վերջաւորութեան, Ժիրայր Կարապետեան պատմեց 2012 Մարտին, Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ միութեան անդամներու հանդիպումներուն մասին՝ æաւախքի հայկական 30 կազմակերպութիւններ համադրող խորհուրդի համանախագահ Արտակ Գաբրիէլեանի հետ: Այդ առթիւ, այս վերջինը ջերմօրէն ողջունած ու քաջալերած էր «Ֆրանսա-Ջաւախք»ը իր տարած աշխատանքներուն համար:
Իբր շօշափելի իրագործում՝ «Ֆրանսա-Ջաւախք»ը յաջողած է արդէն ստեղծել երիտասարդական երկու կեդրոններ, Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ: Նոր ծրագիրը կը վերաբերի Նինոծմինտայի, ուր շնորհիւ գանձանակներէ հանգանակուած գումարներու, յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսուն պիտի կատարուի պաշտօնական բացումը «Երիտասարդներու տան», ուր բացի հայերէնէն, պիտի ուսուցուի նաեւ վրացերէն լեզուն: Ծրագիրը արժած է 55 հազար եուրօ:
Այս շահեկան դասախօսութիւնը վերջ գտաւ հարց-պատասխանի բաժինով մը: