ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Սպանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ քաղաքի խորհուրդը Մայիս 4ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է՝ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Խորհուրդին նիստին ներկայ էին Սպանիոյ մէջ գործող հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնք բարձրացուցած էին Ցեղասպանութենէն նկարներ եւ պաստառներ: Բանաձեւը քուէարկուած է խորհուրդը կազմող բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ:
Բանաձեւի որդեգրումէն ետք, հայ կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին Սպանիոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ առնելու ճիշդ քայլը, որն է՝ պետական մակարդակով ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնպէս, ինչպէս ըրած են երկրի Պալէարեան կղզիներու (Դեկտեմբեր 2010) Քաթալոնիոյ (Մարտ 2010) եւ Պասքերու երկրի (Ապրիլ 2007) շրջանային խորհրդարանները՝ հիմնուելով «Հայկական հարցին քաղաքական լուծում տալու» Եւրոխորհրդարանի 1987ի բանաձեւին վրայ: