
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը պարբերաբար մարզումներ կը կատարէ, յայտնած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւնները, թէ՝ «հայերը վարժանքներ կը կատարեն՝ ծանր հրետանիի օգտագործմամբ»:
«Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները, տարեկան պլանի շրջանակներում, պարբերաբար վարժանքներ են իրականացնում՝ ուղղուած մարտունակութեան բարձրացմանը», ընդգծած է Հասրաթեան:
Ան նաեւ հերքած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուող այն ենթադրութիւնները, որոնք կը վերաբերին այս մարզումներուն Հայաստանի զինուած ուժերու մասնակցութեան։ «Վարժանքներին մասնակցել են բացառապէս ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները», յայտնած է Սենոր Հասրաթեան: