Հայաստանի ելեւմուտքի շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կը շարունակէ բարձրանալ: 22 Մայիսի դրութեամբ տոլարի միջին փոխարժէքը «Նասդաքօ Էմ. Էքս. Արմէնիա» սակարանին մէջ եղած է 401.95 դրամ: Ապրիլ 2010էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ տոլարը 400 դրամէն աւելի բարձր փոխարժէք կ՛ունենայ: Նախորդ նստաշրջանին (Մայիսի 18) արդիւնքներուն հետ բաղդատելով՝ տոլարը յանկարծ սղած է 2.45ով, ինչ որ մէկ նստաշրջանի ընթացքին արձանագրուած աճի բարձրագոյն ցուցանիշն է վերջին 1.5 տարուան ընթացքին:
Սակարանին մէջ 22 Մայիսին արձանագրուած է նաեւ մէկ այլ մրցանիշ՝ առուծախի ծաւալը կազմած է 20 միլիոն տոլար: Աւելի մեծածաւալ գործարքներ սակարանին մէջ արձանագրուած էին միայն 2009ի գարնանային նստաշրջաններուն ընթացքին, երբ Կեդրոնական դրամատունը կը փորձէր դրամը հակակշռել: Ակնյայտ է, որ այս անգամ եւս Կեդրոնական դրամատունը արտարժութային միջամտութիւն կատարած է: Նշենք, որ միջազգային շուկաներուն մէջ 18 Մայիսէն ետք նկատելի է տոլարի դիրքերու որոշ նահանջ՝ եուրոյին դիմաց, ինչ որ իր ազդեցութիւնը զգացուցած է նաեւ ռուսական սակարանին մէջ։ Ուստի հայկական ելեւմուտքի շուկային մէջ տեղի ունեցող զարգացումները միջազգային շուկաներու ազդակներով կարելի չէ բացատրել:
Կանխիկ արտարժոյթի շուկային մէջ ներկայիս կը պահպանուին այն փոխարժէքները, որոնք ձեւաւորուել էին 21 Մայիսին: Փոխանակման կէտերուն վրայ տոլարի փոխարժէքը կը տատանի 400-404 դրամի միջեւ: