– Հարիւրաւոր եգիպտացի ցուցարարներ Կիրակի, Յունիս 3ին դարձեալ հաւաքուեցան Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին վրայ՝ այս անգամ բողոքելու համար Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի դէմ արձակուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռին դէմ, որ Եգիպտոսի տարածքին ժողովրդային զայրոյթ յառաջացուց: Անոնցմէ շատեր կը բացագանչէին «անկցի զինուորական իշխանութիւնը»: Ցոյցերուն ընթացքին աւելի քան հարիւր վիրաւորներ արձանագրուեցան: Շաբաթ օր նախկին նախագահին եւ անոր ապահովական օգնականներուն դէմ արձակուած վճիռները շատերու կողմէ մեղմ կը նկատուին:
– Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Յունիս 4ին սպաննուած են ոստիկանապետ մը եւ անոր երկու օգնականները, երբ ական մը պայթած է անոնց փոխադրակառքին մօտ: Նոյն օրը, քիւրտ անջատողականները ազատ արձակած են Կիրակի օր առեւանգուած բրիտանացի զբօսաշրջիկ մը: Ենթական առեւանգուած էր Պինկէօլի ճամբուն վրայ՝ Տիարպեքիրէն Տրապիզոն մեկնող հանրակառքէն:
– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի եւ Աֆղանիստանի նախագահներուն հետ, Յունիս 6-7ին, Պէյժինկի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննէ այդ երկիրներու դիմագրաւած հարցերը կարգաւորելու կարելիութիւնները: Փութին Չինաստան կը մեկնի՝ մասնակցելու համար Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գերաստիճանին:
– Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Պոլսոյ մէջ, Յունիս 3ին քննարկած են շրջանի ապահովութեան առնչուող հարցեր: Երկու երկիրներու ղեկավարները շրջանային համագործակցութեան խորացման ի նպաստ արտայայտուած են: Էրտողան աջակցած է ՆԱԹՕին անդամակցելու Վրաստանի ձգտումին: Սահակաշվիլի եւ Էրտողան արծարծած են նաեւ ռազմավարական համագործակցութեան, Ատրպէյճանի հետ միասնաբար իրականացուող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան, Կասպեան ուժանիւթի Եւրոպա մատակարարման առնչուող հարցերը:
– Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Յունիս 10ին, Պաքուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի արձանի բացման արարողութիւնը: Իտալացի վարպետներու պատրաստած արձանը արդէն տեղափոխուած է Պաքու: Արարողութեան մասնակցելու համար, Պաքու պիտի այցելէ Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը: Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ կրօնական գործիչներ: