ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթավերջին Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնն ու հրթիռարձակումը շարունակուեցան՝ պատճառելով 15 զոհեր եւ վիրաւորելով աւելի քան 60 ուրիշներ:
Կիրակի կէսօրին, զինեալ միջադէպերը համեմատաբար նուազեցան եւ շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն մը, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակը սկսաւ տեղակայուելու ճակատող կողմերուն միջեւ:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով որդեգրուած ծրագիրը պիտի գործադրուի, որովհետեւ Լիբանանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները ամբողջ երկրի ապահովական կայունութիւնը կը վտանգեն:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, իր կարգին յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակչութեան 99 առ հարիւրը կը մերժէ զինեալ բախումները՝ աւելցնելով, որ զէնք բարձրացնող եւ կրակ բացող ոեւէ անձ հաշուետուութեան պիտի կանչուի: