ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին մէջ, երկիրի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալովի որդին, ուսանողներուն առջեւ ծեծած է դասախօս մը, որովհետեւ վերջինս դասարանէն դուրս դրած էր ուսանողուհի մը, որ անտեսած էր ծամոն չծամելու իր պահանջը: Ուսանողուհին հայհոյելով դասախօսը՝ դուրս եկած է լսարանէն եւ զանգահարած իր փեսացուին, որ վերոյիշեալ Ճամալովի որդին է: Նախարարի որդին ծեծէն ետք սպառնացած է, որ եթէ դասախօսը բողոքէ իրաւապահ մարմիններու, ապա ան՝ իր ընտանիքին հետ միասին, կրնայ գտնուիլ «մահացու վտանգ»ի առջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.