ՄԱՏՐԻՏ.- Նոպէլեան մրցանակի տիրացած թուրք գրող Օրհան Փամուք, սպանական «Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով քրտական հարցին՝ յայտնած է. «Թուրքիոյ գլխուն քրտական հարցը կախուեր է եւ կառավարութիւնը կը մտածէ, թէ այդ հարցը հանդուրժողական եւ փափուկ կերպով ինչպէ՞ս կարելի է լուծել. սակայն հին գործելաոճերուն կը դիմէ»:
Փամուք նշած է, որ «Անատոլուէն եկող եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան սատարող քաղաքական նոր վերնախաւ կը ձեւաւորուի», ինչ որ Պոլսոյ վերնախաւին դժգոհութիւն կը պատճառէ: Ան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին՝ նշելով, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա կապերը զգալի կերպով անկում կրած են: «Եւրոպան կը շարունակէ վերնախաւին համար երազ մնալ, սակայն տնտեսական ճգնաժամը այդ յուզումը նուազեցուց, որովհետեւ Եւրոպայի միանալը աւելի շատ տնտեսական ցանկութիւն էր եւ ոչ թէ՝ քաղաքական», ըսած է ան: