ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը մտահոգ է վերջին օրերին Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած յարձակողական կեցուածքներուն պատճառով զինուորական ծառայողներու նահատակութեամբ եւ սահմանամերձ գիւղերու խաղաղ բնակչութեան դէմ եղած ռմբակոծումներով։ Արդարեւ, անոնք տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմած են՝ բնակիչներուն զօրակցելու եւ նահատակներուն յիշատակը յարգելու համար։ Շաբաթ, 9 Յունիսին Եռաբլուրի մէջ անոնք կազմակերպած են երիտասարդական համահաւաք: Տեղի պիտի ունենայ Հայոց բանակի քաջարի հերոսներու անմահ յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մոմավառութիւն: Երիտասարդները նաեւ պիտի մաքրեն տարածքը:
«Հաւաքից յետոյ, մենք՝ որպէս Հայաստանի երիտասարդ քաղաքացիներ, Յունիսի 10ին այցելելու ենք սահմանամերձ Չինարի գիւղ՝ հանդիպելու եւ մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելու տեղի բնակչութեանը եւ զօրամասին, բարձրացնելու նրանց հայրենասիրական ոգին, գիւղի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, ցոյց տալու, որ քաղաքաբնակ երիտասարդութիւնը մտահոգ է եւ ապրում է նաեւ սահմանամերձ գիւղում բնակուողի հոգսերով:
«Հաշուի առնելով վերջերս տարածուող այն կեղծ լուրերը, թէ, իբր, սահմանամերձ գիւղի բնակչութիւնը ցանկանում է լքել իր հողը, նաեւ ստեղծուած անհանգստացնող իրավիճակը՝ երիտասարդութեան այցը սահմանամերձ Չինարի գիւղ կը գօտեպնդի ոչ միայն տեղի բնակչութեանն ու երիտասարդութեանը, այլեւ կարող է առիթ հանդիսանալ համազգային ոգեւորութեան ու սահմանամերձ գիւղերին աջակցութեան», նշուած է ՀՅԴ ՀԵՄ յայտարարութեան մէջ: