
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այս շաբթուան ընթացքին հայկական դիրքերու վրայ ատրպէյճանական շարք մը ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յունիս 7ին կոչ ըրաւ նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին, որ զսպեն Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերը եւ գործնակապէս աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն:
Շարք մը քոնկրեսականներու գրասենեակներ ուղարկուած նամակին մասին խօսելով, յանձնախումբի կառավարական հարցերու պատասխանատու Քէյթ Նահապետեանը նշեց. «Ժամանակն է, որ Ամերիկա եւ միջազգային հանրութիւնը հասկնան, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստ է իրագործելու իր այն սպառնալիքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմը պիտի վերսկսի: Պատերազմին հսկայ գինը մեզի պէտք չէ արտօնէ, որ անտեսենք նման սպառնալիքներ»:
Յանձանխումբին կողմէ քննարկուած կէտերէն մէկը կը վերաբերի Օպամայի վարչակազմի կողմէ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օգնութեան անյապաղ կասեցման: «Ամերիկա պէտք է ամբողջութեամբ իրականացնէ Ազատութեան աջակցութեան համաձայնութեան 907րդ կէտը, որ կ՛արգիլէ որեւէ ռազմական աջակցութիւն Ատրպէյճանին, մինչեւ Պաքուն դադարեցնէ իր պատերազմական սպառնալիքները, վերջ տայ բոլոր բռնարարքներուն, ցուցաբերէ հաւատարմութիւն՝ միայն ոչ ռազմական միջոցներով Հայաստանի եւ Արցախի հետ խաղաղութեան հասնելուն եւ ընդունի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի կոչը՝ ետ քաշելու իր բոլոր արձակազէնները:
Այլ կէտի մը մէջ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ միջազգային հանրութիւնը ցարդ լուրջի չէ առած եւ չէ քննադատած Իլհամ Ալիեւի պատերազմական սպառնալիքները:
Օպամայի վարչակազմին կ՛առաջարկուի ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները զսպելու նպատակով դիւանագիտական եւ տնտեսական ճնշումներ բանեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել Արցախի հակամարտութիւնը ռազմական միջոցներով «լուծելու» Պաքուի մտադրութիւնը:
Հայ Դատի յանձնախումբը վարչակազմին կ՛առաջարկէ աջակցիլ Արցախը խաղաղ բանակցութիւններու լիիրաւ անդամ դարձնելու առաջարկին եւ կը շեշտէ, թէ Օպամայի վարչակազմը նաեւ պէտք է պարտադրէ Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ վերջ դնէ Ջուղայի հայկական միջնադարեան գերեզմանոցները այցելել եւ հետազօտել փափաքող Ամերիկայի դեսպանատան պաշտօնեաներու եւ փորձագէտներու նկատմամբ սահամանափակումներուն: Հին Ջուղայի յուշարձանները 2005ի Դեկտեմբերին քանդուած են ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր բողոքը արտայայտէ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն նկատմամբ, այցելելով www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=61443201 կայքէջը: