
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, «Լաս Վեկաս Սան».- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին հաղորդուած արդիւնքներուն համաձայն՝ Տենի Թարխանեան յաղթանակ արձանագրած է Նեւատա նահանգի չորրորդ ընտրատարածքի քոնկրեսական նախնական ընտրութիւններուն՝ դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հանրապետական հայերու ազգային կազմակերպութեան (NORA) աջակցութիւնը վայելող Թարխանեան, Յունիս 12ին կայացած նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին խլած է քուէներուն 32 տոկոսը՝ պարտութեան մատնելով իր ամենամօտիկ մրցակիցը՝ Պարպարա Սեկավսքէն (28 տոկոս):
Տենի Թարխանեան կը պնդէ, թէ յոյժ կարեւոր է, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ ամերիկահայութեան ձայնը լսելի դարձնող եւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն համար պայքարող քոնկրեսականներ ունենալը: Ան խոստացած է նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող բանաձեւերուն, եւ շեշտած է, որ պիտի պայքարի Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի համար ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու համար՝ միաժամանակ շեշտելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կաեւորութիւնը:
Ան Նոյեմբերի ընտրութեանց ընթացքին իր դէմը պիտի ունենայ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն՝ Սթիվըն Հորսֆորտը: