ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, 11 Յունիսին այցելութիւն կու տայ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Արմինէ Ալեքսանեանը: Պատուիրակութիւնը Լոնտոն ուղղուած է հայ-բրիտանական բարեկամութեան բազմակուսակցական խորհրդարանական խումբի հրաւէրով:
Այցելութեան առաջին աշխատանքային օրը, Միացեալ թագաւորութեան Լորտերու պալատին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը մասնակցած է հայ-բրիտանական բարեկամութեան խումբի տարեկան ժողովին, որ այս տարի կը նշէ իր կազմութեան 20ամեակը: Հայ-բրիտանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար պարոնուհի Քերոլայն Քոքս ողջունած է Արցախի ներկայացուցիչները եւ իր տպաւորութիւնները ներկայացուցած՝ վերջերս Արցախ կատարած իր այցելութենէն։
Արցախի խորհրդարանի նախագահ Ա. Ղուլեան իր կարգին ողջունած է բրիտանացի խորհրդարանականները եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց՝ Արցախի ժողովուրդին հոգերը բաժնեկցելու, երիտասարդ հանրապետութեան աջակցելու եւ տարբեր ծրագիրներու իրականացման իմաստով իրենց ներդրումը բերելուն համար: Այնուհետեւ ան բրիտանացի խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան 20 տարիներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները՝ պետականաշինութեան, տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական արժէքներու արմատաւորման ու ամրապնդման իմաստով, նաեւ՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայ հանգրուանի ու հաւանական զարգացումներուն մասին ղարաբաղեան կողմի տեսակէտները. ան նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն։
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեանը, որ նոյնպէս իր շնորհաւորական խօսքը ուղղած է բրիտանացի պատգամաւորներուն:
12 Յունիսին ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը ելոյթ ունեցած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելքի եւ Ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ՝ «Կովկասում կայունութեան եւ յառաջընթացի հեռանկարները. խաղաղութիւնը եւ պետականաշինութեան գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղում» նիւթով: Հանդիպման մասնակցած են դասախօսներ եւ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Բանախօսութենէն ետք Արցախի խորհրդարանի նախագահը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ բանակցային գործընթացին, տարածաշրջանային համագործակցութեան խոչընդոտներուն, յետխորհրդային տարածքի երկիրներուն միջեւ կապերուն, Ղարաբաղի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ օտարերկրեայ ներդրումներու պաշտպանուածութեան:
Այնուհետեւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի ի պատիւ՝ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի մասնակցութեամբ, Բրիտանիոյ մէջ Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդ Վահան եպս. Հաւհաննիսեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ընդունելութիւն, որուն հրաւիրուած էին բրիտանահայ կառոյցներու ղեկավարները: ԼՂՀ պատուիրակութեան անդամները իրենց խօսքին մէջ կարեւոր նկատած են Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու համակողմանի աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ Արցախը յաջողութեամբ կը դիմագրաւէ ներկայ մարտահրաւէրները. անոնք շեշտը դրին այդ ներդրումը շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Տակաւին կը շարունակուի պատուիրակութեան Լոնտոն այցելութիւնը։