ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Արդարօրէն մեր ազգային ինքնավստահութիւնը ամրապնդեցին եւ հպարտութիւն ներշնչեցին ամերիկացի քոնկրէսականներու ողջոյնի յայտարարութիւնները՝ Արցախի 19 Յուլիսի նախագահական ընտրութեանց առիթով։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, երկու օր առաջ հայ ընթերցողին եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնեց Արցախի նախագահական վերջին ընտրութեանց մասին ամերիկացի քոնկրէսականներու միաձայն այն վկայութիւնը, թէ անազատ ու ոչ–ժողովրդավար երկիրներով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ՝ Արցախի հայութիւնը Յուլիս 19ին վերահաստատեց ազատ, ժողովրդավար եւ ինքնիշխան ապրելու իր հաւաքական կամքը։
Ամերիկացի օրէնսդիրներուն՝ հայանպաստ իրենց դիրքորոշումներով հանրածանօթ պետական–քաղաքական գործիչներուն այդօրինակ վկայութիւնը ոչ միայն քաջալերական զօրակցութիւն մըն է Արցախի հայութեան արդար պայքարին, այլեւ վերանորոգումն է Հայ Դատի ի նպաստ իրենց գործունէութիւնը շարունակելու ամերիկացի քոնկրէսականներու յանձնառութեան։
Իսկ Արցախը այդ զօրակցութեան սուր կարիքը ունի նաեւ ու մանաւա՛նդ այս օրերուն, երբ Արցախեան Հարցի խաղաղ ու բանակցային կարգաւորման դիւանագիտական ճակատին վրայ դարձեալ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, իբրեւ լիարժէք կողմի, ուղղակիօրէն մասնակից դարձնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Եւ որքա՜ն արմատաւորուի ժողովրդավարութիւնը Արցախի մէջ, այնքա՛ն զօրաւոր դիրքերէ բանակցութեանց սեղան կը ներկայանան Արցախի իշխանութիւնները։
Ի վերջոյ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վիճակուած բանակցային յաղթաթուղթը սեփական երկրէն ներս ժողովրդավարական կառավարման լիարժէք կայացումն է, որովհետեւ ազատ ու արդար ընտրութիւններով պետական ղեկի հասած իշխանութիւնն է, որ կրնայ անվիճելի արտայայտիչն ու իրաւատէրը դառնալ սեփական ժողովուրդի արդար դատին ու պահանջներուն։
Այս առումով ուշադրութենէ չվրիպեցաւ, անշուշտ, որ Յուլիս 19ի ընտրութեանց արդիւնքը մեկնաբանելով՝ Արցախի նախագահութեան թեկնածուներէն Վալերի Բալասանեանի բանբերը Երեւանի մէջ, Յուլիս 23ին, մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, թէ Արցախի մէջ ընտրութիւնները եղան ազատ, բայց ոչ արդար, որովհետեւ վարչական մեքենան գործածուեցաւ յօգուտ գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութեան յաղթանակին…
Արտասովոր չէ, որ հայրենի հողի վրայ կատարուած ընտրութեանց աւարտին ընդդիմադրութեան թեկնածուն հարցականի տակ դնէ արդար բնոյթը ընտրական մրցապայքարին։
Ինչ որ ճիշդ է Հայաստանի պարագային, այնքան ալ տարբեր չի կրնար ըլլալ Արցախի համար։
Վերջին հաշուով՝ «Ազատ, բայց ոչ արդար ընտրութիւն» ախտորոշումը արդէն յանկերգի վերածուած է Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի նախագահութեան օրերէն…
Բայց Արցախի պարագային միշտ ալ նկատառելի եղած է, որ ուղղակիօրէն պատերազմի մէջ գտնուող երկրի իրողութենէն մեկնելով՝ մեր ժողովուրդին վստահութեան արժանացած է ազատագրական պայքարին անսակարկ նուիրուած ղեկավար դէմքը։
Հետեւաբար, Արցախի մէջ յատկապէս, ընդդիմադրութեան առկայութիւնը բնական երեւոյթ է եւ, իբրեւ այդպիսին, աւելիով կը նպաստէ ժողովրդավարական ընտրութեանց կայացումին, մանաւանդ որ Յուլիս 19ին ընդդիմադիր նախագահական թեկնածուն ստացաւ քուէարկողներու մէկ երրորդին վստահութեան քուէն։
Ամերիկացի քոնկրէսականները վստահաբար լաւապէս կը գիտակցին այս բոլորին եւ լրիւ իրաւացի են, երբ տարածաշրջանի անազատ եւ ոչ–ժողովրդավար երկիրներու բաղդատաբար՝ ժողովրդավարական պետութեան արժենիշ կու տան Արցախի։
Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ այդօրինակ դրական արժենիշ տալու տրամադրութիւնը ինքնաբուխ կերպով չ՛առաջանար քաղաքական կեանքի մէջ, մանաւանդ միջազգային բեմի վրայ ազդեցիկ ուժերու մօտ։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ ընդհանրապէս հայկական իրաւապաշտպան գործօններու ներդրումը կարեւոր դեր ունի ինչպէս Արցախի, նոյնպէս եւ Հայաստանի ի նպաստ դրական դիրքորոշումներու ձեւաւորման եւ դրսեւորման մէջ։
Հետեւաբար, Արցախի նորընտիր նախագահը եւ վաղուան՝ 2013ի իր վերընտրութեան համար քաղաքականօրէն կենաց–մահու կռիւ մղող Հայաստանի այսօրուան նախագահը ճիշդ կ՛ընեն, եթէ Արցախի եւ լայն ընդգրկումով Հայաստանի տրուած ժողովրդավարական արժենիշներուն տողատակի՛ ընթերցումը կատարեն…
Կարճ ըսած՝ մեր ժողովուրդի ազատ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական կեանքի ձգտումները ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործնապէ՛ս յարգեն։
Այսինքն՝ նեղ ու մասնակի ամէն կարգի շահախնդրութիւններէ վեր կանգնելու քաջութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը մղիչ ուժ եւ ուղեցոյց ունենան, որպէսզի ի նպաստ Հայաստանի ուժեղացման ու Արցախի ազատագրութեան իրաւական ամրագրման ծաւալած աշխարհասփիւռ հայութեան պահանջատիրական պայքարին պետականօրէն տէր կանգնին։
Ոչ թէ մեծապետական ու տարածաշրջանային այս կամ այն ուժին «վստահելի» դրօշակիրները դառնան հայ ժողովուրդին մօտ, այլ՝ մեր ժողովուրդի հաւաքական վստահութեան քուէին արժանանան եւ, բարոյական ու քաղաքական այդ դրամագլուխով, աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն ներկայանան հայկական պահանջատիրութեան դրօշը բարձր բռնած։
Մտահան չընեն երբեք, որ ինչպէս Հայ Դատի հետապնդման պայքարը մեծ ոստում կատարեց Արցախի ազատագրումով ու Հայաստանի վերանկախացումով, այնպէս ալ Հայաստանի յետ–խորհրդային վարկանիշին գերազանցիկ արժեւորումը իր թռիչքային վերելքը ապրեցաւ շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայութեան անսակարկ եւ հետեւողական փարումին ու նուիրումի ոգիին։
Կարեւորագոյն քննութեան առջեւ կը գտնուի յատկապէս նախագահական ընտրութեանց պատրաստուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պետական կառավարման առումով ներշնչման աղբիւր եւ ուղեցոյց է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար։
Ա՛յն, որ Արցախի նախագահութեան ընդդիմադիր թեկնածուին կողմէ հնչեց իբրեւ մեղադրանք՝ ԼՂՀ գործող նախագահի վերընտրութեան օգտին պետական մեքենան չարաչար օգտագործելու մոլորանքին մասին, արդէն բացայայտ գայթակղութիւն դարձած էր Մայիս 2012ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց առիթով։
Իսկ 2013ի ՀՀ նախագահական ընտրութեանց ընդառաջ բեմականացուող ժողովրդավարական նմանակումի դիմայարդարումները ինքնին բաւարար են, որպէսզի ահազանգերը հնչեն Հայաստանին սպառնացող հակաժողովրդավարական անկումի մեծ վտանգին հանդէպ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ մամուլի հետազօտական կեդրոն մը վերջերս ահազանգ կը հնչեցնէր, որ խօսքի ազատութիւնը մեծ չափով վտանգուած է Հայաստանի մէջ եւ գրաքննութիւնը վերադարձի իր օրերը կ՛ապրի…
Իսկ «Հարսնաքար»ի ողբերգութեան հետեւանքով բորբոքած կիրքերը տակաւին շատ հեռու են հանդարտելէ։
Հետեւաբար, ո՛չ միջազգային ընտանիքը եւ ոչ ալ, մանաւա՛նդ, հայ հասարակութիւնը, ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհի, կրնան հաշտ աչքով նայիլ Հայաստանի նախագահին այն հաւաստիացումներուն, թէ Օրէնքէն վեր մարդ գոյութիւն չունի եղեր ոտքէն մինչեւ գլուխ խաթարուած կառավարման այս համակարգին մէջ։
Նոյնիսկ դատաիրաւական բարեկարգումներու յանկերգով ՀՀ նախագահական իշխանութեան հրամցուցած «դեղատոմսեր»ը ի վիճակի չեն մեղմելու դառնութիւնը սեփական երկրի ու ժողովուրդի ճակատագրով տագնապահար այն գործիչներուն, որոնք «Հայաստանի Հելսինկեան Կոմիտէ»ի նախագահ Աւետիք Իշխանեանի հետ կը պնդեն, թէ՝
«Այս ծրագիրը գեղեցիկ ցանկութիւնների փաթեթ (ծրար) կարող եմ համարել: Գուցէ իսկապէս իրենք անկեղծ են եւ ինչ-որ փոփոխութիւններ կ՛իրականացնեն, բայց դրանք, իմ համոզմամբ, կը լինեն կոսմետիկ (գեղագիտական) փոփոխութիւններ, որովհետեւ հիմնախնդիրը՝ դատարանների անկախութիւնը, կը մնայ օդում կախուած, որովհետեւ օրէնսդրական փոփոխութիւններ ես չտեսայ:
«…Եւ որքան էլ ուզում ես բարեփոխում արայ, մենք չենք ունենայ դատական իշխանութիւն, այլ կ՛ունենանք դատական համակարգ՝ կախուած գործադիր իշխանութիւնից»:
Հաւասարապէս Հայաստանն ու Արցախը, միջազգային շրջանակներու եւ մեծապետական ուժերու մօտ, կը վայելեն նկատառելիօրէն բարձր վարկանիշ, որ արգասիքն է Ռուսաստանէն մինչեւ Ֆրանսա ու Մ. Նահանգներ ցրուած հայօճախներու նուաճած արժանաւորութեան։
Արցախի Յուլիս 19ի նախագահական ընտրութեան առիթով ամերիկացի – եւ ոչ միայն ամերիկացի – պետական–քաղաքական դէմքերու զօրակցական յայտարարութիւնները խօսուն վկայութիւնը հանդիսացան Հայաստանի ու հայութեան նուաճած արժանաւորութեան այդ դրամագլուխին։
Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ըլլայ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, ո՛չ մէկ իշխանութիւն լիազօրուած է մեր ժողովուրդին կողմէ, որպէսզի արհամարհանքով վարուի սերունդներու նուիրաբերումով ձեռք ձգուած արժանաւորութեան այդ դրամագլուխին հետ։
Պետական կառոյցները ազգային մեր հարստութեան մաս կը կազմեն եւ ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի զանոնք ծառայեցնելու իր քաղաքական հաշիւներուն եւ ընտրապայքարի խաղերուն։
Այլապէս՝ դատապարտուած ենք ունենալու ազատ, բայց ոչ արդար ընտրութիւններ։
Դատապարտուած ենք ապրելու իբրեւ քաղաքացիներ, որոնք պաշտպանուած են օրէնքով, բայց ոչ իշխանութեամբ։
Որովհետեւ օրէնքը մշակողն ալ, գործադրողն ալ միեւնոյն իշխանութիւնն է…
Իսկ սեփական ժողովուրդին հաւաքական կամքը արհամարհող եւ իր հասակին համաձայն օրէնք մշակող ու պարտադրող իշխանութիւնը, ի վերջոյ, դատապարտուած է կամակատար գործիքը դառնալու մեծապետական ուժերուն եւ անոնց շահախնդրութիւններուն…