ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի շատ մը բնակավայրեր մինչեւ այսօր կը շարունակուին քանդուիլ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածի մը, Վանի հին քաղաքն ու բերդը բնական արգելավայր ըլլալու փոխարէն, վերածուած է արօտավայրի:
Թրքական կայքը կը նշէ, որ պատմական Վանի բերդէն եւ ընդհանրապէս քաղաքէն շատ քիչ բան կանգուն մնացած է մինչ օրս, հակառակ այն իրողութեան, որ նշեալ տարածքները իշխանութեանց որոշումով կը համարուին արգելավայր: Հակառակ իրենց իսկ որոշումին, իշծանութիւնները այս տարածքները պահպանելու համար անհրաժեշտ միջոցառումներու չեն դիմեր: Բերդի տարածքը վերածուած է եղջերաւոր մեծ անասուններու համար արօտավայր:
Վանի բերդ այցելած զբօսաշրջիները, ականատես ըլլալով այս բոլորին, պահանջած են իշխանութիւններէն, որ պատմական այս տարածքը պահպանելու համար լուրջ քայլերու նախաձեռնէ: