ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգութեամբ հայ օտար երկիրներու քաղաքացիները յետ այսու կարելիութիւն պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի վիզա ստանալու նաեւ Հայաստանի սահմանային անցման կէտէն։
Այս լուրը հաղորդուած է Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջէն, որ նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ կառավարութիւնը իր 26 Յուլիսի նիստին այս գծով համապատասխան փոփոխութիւններ պիտի կատարէ՝ նախապէս տրուած որոշումներէն մէկուն մէջ։
Նշենք, որ ցարդ Հայաստանի մուտքի վիզա կը տրամադրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ՝ այն պետութիւններու քաղաքացիներուն համար, որոնք ստիպուած են Հայաստան մտնել վիզայով։
Ներկայ դրութեամբ զգալի է սուրիահայերու հոսք դէպի Հայաստան՝ Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած վիճակին պատճառով։ Նման պարագայի շատ կարեւոր է այս որոշումը, որպէսզի սուրիահայերը կարենան դիւրութեամբ մտնել Հայաստան։
Նախագիծը մշակուած է Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան կողմէ, որուն առնչուող քննարկումներ կատարուած են Հայաստանի արտաքին գործոց եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Yevroban 62 milion euro hadgatzutzaze siryayi kaxdaganeroo hamar artiyok inchoo hayasdane ayt koumaren chi bahantcher souriyahayeroon hamar? amen tramere turkiyayin gertangor . Suriyayoi hayern al suriyagan kaxdaganner en,