
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսա կը փափաքի, որ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կառուցողական երկխօսութիւնը կայանայ եւ պատրաստ է այդ ծիրէն ներս ցուցաբերելու լիակատար աջակցութիւն, Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Պեռնար Վալերօ, Փարիզի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լորան Ֆապիւսի միջեւ կայացած հանդիպումին արդիւնքներուն մասին հարցումները պատասխանելու ընթացքին:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծին մը հաւանականութեան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը պարզապէս յայտնեց, թէ այդ մասին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի տուած խոստումները պիտի իրականացուին:
«Նախարար Ֆապիւս արդէն յստակացուցած է, թէ միեւնոյն գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն միեւնոյն արդիւնքներուն, ուստի նոր օրինագիծի շուրջ աշխատանքներուն ընթացքին Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը պէտք է նկատի առնուի», աւելցուց Վալերօ, ակնարկելով Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նախկին օրինագիծը հակասահմանադրական նկատած Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին:
Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լորան Ֆապիւսի միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Երեքշաբթի, Յուլիս 24ին: