
ԵՐԵՒԱՆ «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Ընկերվար Միջազգայնականի (Սոցինթերն) ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի ընթացիկ ժողովը տեղի ունեցաւ Քիշնեւի մէջ 23-24 Յուլիսին՝ Մոլտովայի դեմոկրատական կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:
Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պելոռուսի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Լեհաստանի, Հունգարիոյ եւ Յունաստանի անդամ կուսակցութիւններէն: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան:
Ժողովին մասնակից ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
Ժողովին նախագահեցին յանձնախումբի համանախագահներ Մարիօ Նալպանտեանն ու Ալեքսանտրա Տոպոլին (Հունգարիա):
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Մոլտովայի Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար եւ Մոլտովայի խորհրդարանի նախագահ Մարիան Լուփուն եւ նոյն կուսակցութեան ու խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Վլատիմիր Փլահոթնիւքը: Ժողովին մասնակցեցան եւ ելոյթ ունեցան կուսակցութեան պատուոյ նախագահ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Տումիթրու Տիաքովը եւ իշխող քաղաքական քոալիցիայի կառավարութեան միակ կին նախարարը՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վալենթինա Պուլիկան:
Ժողովի օրակարգը կազմուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի յառաջիկայ Քոնկրէսի օրակարգի նիւթերուն հիման վրայ՝ նպատակ ունենալով այդ հարցերուն մասին կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովի որոշումներու եւ բանաձեւերու մշակման ընթացքին նկատի ունենալ նաեւ տարածաշրջանի տեսակէտները: Օրակարգի հարցերն էին.
1. ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւ ծովի տնտեսական հեռանկարը՝ ներառելով տարածաշրջանային հեռանկարները համաշխարհային ընկերվար-ժողովրդավարական մօտեցումները.
2. Ժողովրդավարութեան ամրապնդում եւ մենատիրութեան (աւտորիտարիզմ) յաղթահարում՝ տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովում.
3. Տարածաշրջանային վէճերու եւ հակամարտութիւններու յաղթահարման համար երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ուղին.
4. Տարածաշրջանի երկիրներու ազգային իրավիճակին մասին զեկոյցներ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները ելոյթներ ունեցան օրակարգի վրայ եղող բոլոր հարցերուն մասին։
Աւարտին ժողովը որդեգրեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«2012ի Յուլիս 23-24ին, Քիշնեւի մէջ համախմբուած Ընկերվար Միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ Ծովեան յանձնախումբը քննարկեց տարածաշրջանի տնտեսական հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման համար՝ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ամրապնդումը: Մեկնելով իր անդամ կուսակցութիւններու եւ տարածաշրջանէն հրաւիրուած հիւրերու փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ անհաւասար եւ դժուար յառաջընթացի լոյսի տակ, յանձնախումբը համաձայնութիւն գոյացուց հետեւեալին շուրջ.
«Կը շարունակուի 2010ին Պիելոռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Միքալա Սթաթքեւիչի բանտարկութիւնը: Օրական դրութեամբ տեղի կ՛ունենան մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտումներ, ներառեալ՝ քաղաքական բանտարկեալներու խոշտանգումներ եւ վարչակարգի նկատմամբ իրենց տեսակէտը արտայայտող ընդդիմադիրներու հալածանքներ: 2010 թուականի ընտրութիւններէն ի վեր, Պիելոռուսիոյ մէջ առաւել եւս խորացած է բռնատիրական, մենատիրական վարչակարգը: Այդ վարչակարգին նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցները պէտք է շարունակուին, սակայն պէտք է աւելին ընել եւ իշխանութիւններուն վրայ ճնշումը սաստկացնել այնքան, որ կարելի ըլլայ դրական փոփոխութիւններ ձեռք բերել: Այս կ՛ենթադրէ նուազագոյնը Միքալա Սթաթքեւիչեւ Պիելոռուսիոյ մէջ բոլոր միւս քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ ճնշումներու աւարտը:

«Ուքրանիոյ մէջ նախագահին եւ իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը խստօրէն սահմանափակած են ժողովրդավարական ազատութիւնները: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները հալածանքի կ՛ենթարկուին քաղաքական պատճառներով, եւ յառաջ կը մղուի պետական կառոյցներու օգտագործումը՝ իբրեւ քաղաքական վրէժխնդրութեան գործիք եւ ընտրովի արդարութիւն: Պէտք է վերջ տալ դէպի մենատիրութիւն տանող այս անկումին, յարգելով այն սկզբունքը, թէ քաղաքական վէճերը պէտք է լուծել ժողովրդավարական միջոցներով՝ քուէատուփի ճամբով եւ խորհրդարանին մէջ, առանց դիմելու քաղաքական նպատակներով հալածանքներու եւ քրէական դատարաններուն մէջ կեղծուած վճիռներու: Քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոն, պէտք է ազատ արձակուին 2012ի աշնան կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ, որպէսզի կարելի ըլլայ բաց, մրցակցային ընտրարշաւ կայացնել:
«2012ի Հոկտեմբերին Վրաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները վճռական նշանակութիւն ունին ժողովրդավարութեան զարգացման համար, որպէսզի հող պատրաստուի 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն՝ անկախութենէն ի վեր առաջին անգամ ժողովրդավարական միջոցներով իշխանութեան փոխանցման, երբ կ՛աւարտի գործող նախագահի պաշտօնավարման երկրորդ եւ վերջին ժամկէտը: Այս տեսանկիւնէ կենսական է վերջ տալ քաղաքական գործընթացի վրայ դրուած ճնշումներուն եւ ստեղծել արդար ու մրցակցային պայմաններ՝ քաղաքական մրցակցութեան համար: Վրաստանը պէտք ունի մամուլի ազատութեան, վերջ պէտք է տրուին գործող ուժին ի նպաստ վարչական միջոցներու օգտագործման եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ գործիչներու դէմ ճնշումներուն:
«Հիմնուած Ընկերվար Միջազգայնականի 2010ի Նոյեմբերի Փարիզի Խորհուրդի ժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ միաձայնութեամբ ընդունուած յայտարարութեան վրայ, յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, որոնց համաձայն, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծէն պիտի չհեռացնէ իր արձակազէնները, ինչպէս նաեւ, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տրուած երաշխիքներուն, Ղարաբաղ-Հայաստան քաղաքացիական թռիչքներու վերսկսման դէմ ուղղուած սպառնալիքներու առնչութեամբ: Հակամարտութեան երկու կողմերուն դերակատարներուն հետ իր աշխատանքը շարունակելու համար, Ընկերվար Միջազգայնականը կապեր պիտի ստեղծէ եւ երկխօսութիւն հաստատէ Ատրպէյճանի մէջ նման ուղղութիւններու տէր քաղաքական զրուցակիցներու հետ:
«Մասնակիցներ դրական գնահատեցին այն փաստը, որ միջազգային համայնքը հետզհետէ պիտի ընդունի, թէ չճանչցուած պետութիւններուն մէջ ապրիլը այդ միաւորի քաղաքացիները պիտի չզրկէ մարդու հիմնական իրաւունքներէ եւ ազատութիւններէ, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներէ, ներառեալ՝ «ուղղակի կամ ազատօրէն ընտրուած ներկայացուցիչներու միջոցով հասարակական կեանքը վարելու մասնակցութեան» իրաւունքէն, ինչպէս ամրագրուած է ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 2200A (XXI) բանաձեւով որդեգրուած Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրի 25a յօդուածին մէջ: Այս տեսանկիւնէ պէտք է դիտարկել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացած վերջին ընտրութիւնները:
«Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Մոլտովայի դեմոկրատական կուսակցութեան՝ հիւրընկալելու համար ժողովը եւ կը գնահատէ անոր աւանդը Մոլտովայի հանրապետութեան քաղաքական կեանքին եւ զարգացման իմաստով, որովհետեւ ամուր կերպով կը հաստատէ ընկերվար ժողովրդավարութիւնն ու կ՛ամրացնէ բազմակուսակցական ժողովրդավարութիւնը երկրին մէջ: Մերձդնեստրի հարցով յանձնախումբը կը պաշտպանէ ՄԴԿի եւ Մոլտովայի կառավարութեան մէջ իր գործընկերներու նախաձեռնութիւնները՝ աստիճանաբար քայլերու ձեռնարկելու՝ տեւական լուծումի համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով:
«Յանձնախումբը կը վերահաստատէ միջքոնկրէսական ժամանակահատուածի ընթացքին Ընկերվար Միջազգայնականի դրական դերակատարութիւնը՝ տարածաշրջանի ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնները ի մի բերելու, ընդհանուր քաղաքականութիւն մշակելու եւ մեր շարժման ընդհանրական նպատակները հետապնդելու տեսանկիւնէ: Մեր կազմակերպութիւնը յանձնառու պիտի մնայ ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ մասերուն մէջ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր արժէքներու նկատմամբ եւ պիտի շարունակէ այս օրակարգը հետապնդել ապագային»:
Ընկերվար Միջազգայնականը (Սոցիալիստ ինթըրնեշընըլ) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Անիկա կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէ աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի լիիրաւ անդամի կարգավիճակ: ՀՅԴ անդամ Մարիա Թիթիզեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախմբի համանախագահ: ՀՅԴի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):