
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ, Սասունի Մարութա սարի գագաթին գտնուող մատուռին մէջ հայերու կողմէ աւանդաբար իրականացուող ուխտը այս տարի արգիլուած է Սասունի քաղաքապետին եւ Սասունի նահանգապետին կողմէ:
Ըստ համացանցային «Այքիրիտողրուլար» լրատուական կայքին, Սասունի քաղաքապետ Մուզաֆեր Արսլանն ու նահանգապետ Պահատըր Եորուք այս տարի արգիլած են Յուլիս 28ին իրականացուելիք Մարութա սարի վերելքը՝ պատճատաբանելով, թէ այս պահուն Թուրքիոյ մէջ իսլամներու համար սուր նկատուող Ռամատանի ամիսն է: Սասունի իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ Մարութա սարի վերելքը կը յետաձգեն Սեպտեմբերին:
Սասունցի հայ լրագրող Ճեւատ Սինեթ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Մարութա սարի ուխտի ընթացքին հայերը մոմեր կը վառեն, կ՛աղօթեն, մատաղ կը մատուցեն եւ միսը կը բաժնեն կարիքաւորներուն: Ըստ անոր, ուրախալի էր, որ Ռամատանը եւ Մարութա սարի ուխտը այս տարի համընկած են, «սակայն Սասունի քաղաքապետն ու նահանգապետը, առանց այս բոլորը հաշուի առնելու, իրենց հաճոյքին համար արգիլեցին ուխտագնացութիւնը»:
Նշենք, որ Շաբաթ, Յուլիս 28ին նախատեսուած Մարութա սարի ուխտագնացութեան մասնակցելու համար, Հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկրներէն Թուրքիա ժամանած են բազմաթիւ հայեր: