ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս շաբաթավերջին շրջանիս Հայ Օգնութեան Միութիւնը պիտի գումարէ իր Շրջանային ժողովը, փակելու համար կազմակերպական տարին եւ նոր տարին սկսելու ազդանշանը տալու: Այս առթիւ կը հրատարակենք Հալէպի մէջ հրատարակուող «Գանձասար» շաբաթաթերթէն վերցուած ՀՕՄի առաքելութիւնը բնութագրող այս ակնարկը՝ իբրեւ վաւերական վկայութիւն մը այս մեծ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին:
Սուրիոյ տագնապալի այս օրերուն, երբ ամէն մէկ բարի մաղթանք ամոքիչ դերակատարութիւն մը ունի մեր հոգիներուն մէջ եւ յոյս կը ներշնչէ տոկալու ու դիմադրելու բազմապիսի դժուարութիւններ, վայրագութիւններով մթագնած մեր առօրեային մէջ պայծառ գոյն մը տեսնելու թէկուզ, ՀՕՄն է կրկին, որ կը փութայ ձեռք երկարել սուրիահայութեան, տալ իր կարելին, ստեղծել համահայկական հետաքրքրուածութիւն սուրիահայութեան նկատմամբ, անյապաղ հիմնելով սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ։
Նիւթական օժանդակութիւն մեր վարժարաններուն, այն հաստատ համոզումով, որ անոնք են մեր ինքնութեան ամրոցները, անոնց գոյութիւնն է մեր ազգային դիմագիծի, մեր լեզուի ու մեր մշակոյթի պահպանման գլխաւոր երաշխիքը։
ՀՕՄի այս ներդրումը կ՛ոգեւորէ մեզ՝ սուրիահայերս ու նիւթականէն անդին՝ բարոյական նեցուկ մը կը զգանք մեր կողքին։
ՀՕՄն է կրկին, որ մօր նման կը գուրգուրայ, մօր նման կը լարէ իր ուժերը, նեցուկ կանգնելու իր ժողովուրդի զաւակներուն, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուին անոնք։ Ի զուր չէ, որ անոր նշանակը սիրտն է, սիրոյ եւ յոյսի սերմնացան մայրական սիրտը մեր իրականութեան մէջ։
ՀՕՄն է կրկին, որ համահայկական մտածելակերպով գործելու եզակի օրինակը կու տայ ու կը վկայէ, որ տէրն է «Ժողովուրդէս ժողովուրդիս» իր կարգախօսին։
Այնտեղ, ուր մեր ժողովուրդի զաւակները դժուարութիւն մը ունին, ներկայ է ան՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Ջաւախք, Սուրիա՝ յոյս ու հաւատք նեշնչելու, գոյատեւելու կամք ու կորով առթելու իւրաքանչիւր հայորդիի հոգիին մէջ։
Մեր ջերմագին երախտագիտութիւնները յայտնելով ՀՕՄին, պահ մը հարց կու տանք կրկին՝ արդեօք պիտի տեսնե՞նք ՀՕՄի օրինակին հետեւողներ, որպէսզի ճակատագրական այս օրերուն, համայն հայութեան անունով հանդէս եկողներուն գէթ բարոյական աջակցութիւնը զգանք մեր իրականութեան մէջ։
«Գանձասար»