ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վստահաբար յաւակնոտ կը հնչէ խորագիրը։
Ի վերջոյ Հայաստանն ու հայութիւնը ի՜նչ կշիռ կը ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին, կամ՝ մինչեւ իսկ նոյնինքն Սուրիոյ քարտէսին վրայ, որ այդպէս յաւակնոտ կերպով Հայկական Ռազմավարութեան ընտրանքներու հարց, այլեւ օրակարգ կը դրուի հայ քաղաքական մտքին առջեւ։
Անկասկած որ, նախ, Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմը իր անդրադարձներով շատ մեծ է եւ վեր է ուժերէն ոչ միայն Հայաստանի ու հայութեան, այլեւ տագնապին մօտէն թէ հեռուէն, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն աղերսուող դերակատարներէն շատերուն համար։
Ապա՝ ինքնին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ շուրջ այնքա՜ն խճճուած են ու խաչաձեւուած մեծապետական թէ տարածաշրջանային ուժերուն շահերն ու հակադրութիւնները, որ կամայ թէ ակամայ նոր տիպի աշխարհամարտի մը ուրուականը կը յածի հորիզոնին վրայ։
Իսկ այդ խճանկարին մէջ շատերու հետ ու բոլորի կողքին, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, բռնուած է նաեւ հայկական փոքր ածուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեամբ, æաւախքով ու վիրահայութեամբ, Արեւմտահայաստանով եւ թրքահայութեամբ, հայրենամերձ գօտիներու հայօճախներով եւ համայն սփիւռքահայութեամբ։
Այդ առումով Սուրիոյ հայութիւնը, ամբողջ երկրի տարածքին ցրուած իր օճախներով եւ յատկապէս իր արիւնատար երակը հանդիսացող Հալէպի կազմակերպ գաղութով, յայտնուած է բռնկուն կրակին մէջ, որուն հետագայ ընթացքն ու հաւանական վախճանը նախատեսելու դժուարութիւն ունին անգամ մեծապետական քաղաքականութեան բանիմաց խօսնակները։
Աւելի քան տարի մը ժամանակ պէտք եղաւ, որպէսզի Մարտ 2011ին սկսած բողոքի շարժումները եւ քաղաքացիական խռովութիւնները քայլ առ քայլ վերածուին պետութեան եւ ապստամբներու միջեւ հոս ու հոն սաստկացող բախումներու, մինչեւ որ յանգին այսօրուան բուռն բախումներուն նոյնինքն Հալէպի մէջ։
Եւ եթէ տարի մը առաջ կարելի էր այսպէս կոչուած «Արաբական Գարուն»ի տեսութեամբ մեկնաբանել Սուրիան ցնցող տագնապը, այսօր արդէն ոչ ոքի համար համոզիչ կը թուի եղածը վերագրել միայն աւելի ազատ ու ժողովրդավարական վարչակարգ մը ունենալու սուրիացի ժողովուրդին հասկնալի ու արդարացի՛ պահանջին։
Այսօր փաստօրէն բացուած են ինչպէս ուղղակիօրէն Սուրիոյ առընչուող հին թէ նոր թղթածրարները, այնպէս ալ Արաբական Աշխարհն ու ամբողջ տարածաշրջանը խռովքի մատնող հակասութեանց եւ հակադրութեանց կնճռոտ օրակարգերը, որպէսզի սպառիչ ախտաճանաչումը գտնուի Սուրիոյ տագնապին եւ կարելի ըլլայ կանխել համընդհանուր պայթումի մը վտանգը։
Եթէ տարի մը առաջ ժողովրդավարութեան պահանջով բողոքի ցոյցի իջած սուրիացի ուսանողներն ու երիտասարդները չունէին իսլամի ու քրիստոնիայի, հայու եւ քիւրտի ներքին բաժանումներ կամ հակասութիւններ, այսօր արդէն առճակատման բաժանարար գիծը սիւննի մեծամասնութեան պարզած իշխանութեան տիրանալու պայքարի դրօշն է՝ ընդդէմ ալաուի փոքրամասնութեան եւ անոր առաջնորդ Ասատ ընտանիքին։
Բայց սիւննի մեծամասնութիւնը ինք միատարր չէ եւ արդէն երեւան եկած են, զինեալ ապստամբութեան շարքերէն ներս իսկ, երկփեղկումներ՝ մէկ կողմէ իսլամական Ճիհատի ու իսլամական օրէնքով պետութեան կառավարման կողմնակիցներուն, իսկ միւս կողմէ ժողովրդավարական եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգող սիւննի չափաւորականներուն միջեւ։
Իսկ քիւրտերը, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մեծ մասին վրայ համեմատական մեծամասնութիւն կը կազմեն, արդէն ժամանակը հնչած կը համարեն, որպէսզի իրենց ազգային իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ամրագրեն վաղուան Սուրիոյ մէջ, ինչ որ ալ ըլլայ ներկայ տագնապէն ելքը։
Ինչ կը վերաբերի ալաուիներուն, որոնք Ասատ ընտանիքի տիրակալութեան աւելի քան 40 տարիներուն ընթացքին ամրապնդեցին իրենց համայնքին իշխանաւոր նախամեծարութիւնը ամբողջ պետութեան եւ յատկապէս ալաուիական շրջաններու վարչամեքենային մէջ, ի տես սիւննի այլամերժութեան բորբոքումին՝ չեն վարանիր յոռեգոյն պարագային ինքնավարութիւն հռչակելու, եթէ Սուրիոյ դէմ նիւթուած է պետական կազմալուծման մեծապետական դաւ մը…
Հետեւաբար տարօրինակ չէ, որ բաղդատած Արաբական Աշխարհի սիւննի կառավարութեանց՝ որոշապէս Սէուտական Արաբիոյ, Ծոցի երկիրներու եւ Յորդանանի կողմէ ի նպաստ Սուրիոյ սիւննիական ըմբոստացման ցուցաբերուած օժանդակութեան, սիւննի չափաւորականութեան տարածաշրջանային ղեկին գլխաւոր յաւակնորդը՝ Էրտօղանի Թուրքիան ընտրած է սուրիական տագնապին շատ աւելի ազդու կերպով միջամուխ դառնալու, բայց նաեւ առաւելագոյն աչալրջութիւն դրսեւորելու ռազմավարութիւն մը։
Թուրքիան ներքին լուրջ պատճառներ ունի, որպէսզի սուրիական ապստամբութեան ամէն կարգի օգնութիւն հասցնելով հանդերձ՝ միաժամանակ արագ եւ հատու հակազդեցութեամբ սանձահարէ երկու վտանգ.
– Առաջի՛ն. կանխէ սիւննի ծայրայեղականութեան թափանցումն ու տարածումը Թուրքիոյ սահմաններէն ներս թէ սահմանին վրայ, որպէսզի արեւմտեան դիմաշրջումով իսլամական պետութիւն հաստատելու իր ռազմավարութիւնը կռնակէն չդաշունահարուի։
– Երկրո՛րդ. թոյլ չտայ Սուրիոյ պետական կազմալուծումը եւ ինքնիշխան Ալաուիստանի կամ ինքնավար Քիւրտիստանի օրինակով փոքր պետութեանց ստեղծումը իր հարաւային սահմաններուն վրայ, որպէսզի կարենայ կանխել իր դիւրաբեկ ամբողջականութեան սպառնացող կազմալուծման յաւելեալ պատճառները, ինչպիսին իր լուծին տակ ապրող ալաուիներուն (տասը միլիոնէն աւելի) եւ քիւրտերուն (շուրջ քսան միլիոն) բնական մերձեցումն ու միացման հակումներն են սուրիացի իրենց հարազատներուն։
Սուրիական տագնապի հրահրման թէ հանգուցալուծման հարցին մէջ չափազանց ծանրակշիռ է Թրքական Ազդակին ներգործութիւնը։ Եթէ մեծապետական մակարդակի վրայ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան, իսկ միւս կողմէ Ռուսիան ու Չինաստանը կը հակակշռեն զիրար, նոյնը կարելի չէ ըսել սուրիական տագնապին վրայ իրենց հակակշիռը հաստատելու տարածաշրջանային մեծ ուժերուն՝ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Իրանի ներկայացուցած կշիռին մասին։ Թուրքիա անվիճելիօրէն անմրցելի լծակներ ունի՝ իր նախասիրած ուղղութեամբ հակակշիռ բանեցնելու համար սուրիական տագնապին վրայ։
Հայ քաղաքական միտքը չի կրնար անտեսել թրքական գործօնին ստացած այս աստիճան ծանրակշիռ կարեւորութիւնը, որուն կաշկանդիչ եւ բացասական անդրադարձները աւելիով զգալի պիտի դառնան Սուրիոյ հայութեան հետագայ կեանքին, մանաւանդ պահանջատիրական շարժումներուն վրայ։ Լիբանանի հայութիւնը վերջին տարիներուն յաճախակի համտեսեց դառն «պտուղներ»ը արաբական եւ իսլամական աշխարհէն ներս թրքական գործօնի ստացած այս գերարժեւորումին։
Տարածաշրջանին մէջ իր քաղաքական դիրքերը հզօրացնող Թուրքիան յաւելեալ լծակներ ձեռք պիտի ձգէ՝ նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի իշխանութեանց պարտադրելու երկխօսութեան, բարի–դրացիութեան եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման իր… ըմբռնումները եւ պայմանները։
Այս բոլոր առումներով, անկախ մեր կամքէն եւ նոյնիսկ հակառակ մեր «իրատես» տրամադրութիւններուն, հայ քաղաքական միտքը դրուած է ռազմավարական իր ընտրանքները կատարելու ստիպողութեան տակ՝ դէմ յանդիման Սուրիոյ ահագնացող տագնապին եւ անոր պետական կազմալուծման վտանգին։
Սուրիոյ հայութեան տէր կանգնելու եւ օգնութեան փութալու Հայաստան–Սփիւռք զօրաշարժը մեր անմիջական եւ անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է։
Իսկ վաղուան հաշւոյն ազգովին մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը որդեգրումն է հայկական ռազմավարութեան այն ընտրանքներուն, որոնք համակարգուած ու արդիւնաւէտ զօրաշարժի մէջ պիտի դնեն մեր ցիրուցան, այլ նաեւ աշխարհով մէկ տարածուած ուժի տարաբնոյթ աղբիւրները։
Բացառուած չէ, որ ինչպէս սկսաւ, այնպէս ալ յանկարծ լուծումի յանգի Սուրիոյ ներկայ տագնապը։
Բայց կասկած պէտք չէ ունենալ, որ Մերձաւոր Արեւելքի վառօդի տակառը կայ ու կը մնայ՝ միշտ պատրաստ պայթելու։
Յատկապէս Թուրքիան միշտ ներկայ է եւ իր հաշիւները կը հետապնդէ տարածաշրջանային բոլոր ցնցումներու պահերուն, յաճախ նաեւ նախաձեռնողի դերակատարութեան մէջ է։
Գլխաւոր բացական հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ հայկական իրաւունքներու ամբողջական վերականգնման սեւեռած Հայկական Ռազմավարութիւնն է։
Նոյնիսկ Հայաստանի վերանկախացումէն քսան տարի ետք՝ հայ քաղաքական միտքը դեռ պատրաստ չէ, իր ուժերուն ամբողջական արժեւորումով, ռազմավարական ընտրանքներ կատարելու եւ անոնց ուղղութեամբ ազգովին շարժման մէջ դնելու Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը։
Սուրիական տագնապը կրնայ օգնել, որ ի վերջոյ… սթափինք։
Աշխարհը չի կրնար սպասել, որ մենք ուժեղանանք եւ յետոյ ներկայութիւն հաստատենք արագօրէն վերափոխուող այն տարածաշրջանին մէջ, որ Մերձաւոր Արեւելք կը կոչուի։
Մեզ չի կրնար սպասել եւ մանաւանդ սթափելու առիթ չ՛ուզեր տալ որոշապէս թրքական պետութիւնը, որ արիւնի եւ աւարումի վրայ հիմնուած իր գոյութիւնը պաշտպանելու կռիւ կը մղէ։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ