ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իբրեւ սփիւռքահայ, ոչ մէկ կաշկանդում չենք զգար քննադատելու Հայաստանի կառավարութիւնը, վարչակարգը՝ մատնանշելով անոր թերութիւնները, բացթողումները, խախտումները:
Իբրեւ սփիւռքի բնակիչ, հազիւ թէ կ՛անդրադառնանք մեր անմիջական շրջապատին մէջ առկայ թերութիւններուն, ըլլան անոնք տեղւոյն երկրի պետական-վարչական զանցումները, թէ մեր ազգային կառոյցներու սխալները, անոնց ղեկավարներու քննադատելի քայլերը, արարքները կամ անգործունէութիւնը: Այս «երկու չափ, երկու կշիռ»ը բացատրելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք ամէն օր: Արդար ու կուռ բացատրութիւն՝ դժուար թէ գտնուի: Անպայմանօրէն վիրաւոր դուրս պիտի գանք այս փորձէն:
Յամենայնդէպս՝ ահա՛ բացատրութիւն մը: Սփիւռքեան կառոյցները փխրուն են. անոնք կը գոյատեւեն առարկայականօրէն ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ, եւ անոնց վերահսկողութիւնը կը կատարուի գլխաւորաբար կամաւոր աշխատող անհատներու կողմէ, որոնք, ըլլալով հանդերձ հաշուետու համայնքին՝ ոչ մէկ պարտաւորութիւն կամ շահագրգռութիւն ունին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու: Այս մարդիկը քննադատելը վտանգաւոր է, որովհետեւ, զոր օրինակ, զանոնք նեղացնելով՝ կրնանք մարդկային ուժի խնդիրներ դիմագրաւել եւ զանոնք նորերով ու առաւել արժանիներով փոխարինելու տագնապը յառաջացնել: Սակայն, այսպիսի կաշկանդումներով աշխատիլը չի կրնար նպատակայարմար նկատուիլ: Աչք փակելով մեր շուրջ գործող կազմակերպութիւններու ու միութիւններու աշխատանքներու կէս-կատար ծրագրումներուն ու թերի գործադրութիւններուն՝ կրնայ ըլլալ, որ մեղսակից դառնանք անոնց վայրընթացին, անոնց աստիճանական քայքայման:
Եթէ ընդունինք այս կացութիւնը եւ չփորձենք լուծում գտնել (լուծումը պարզապէս քննադատութեանց առջեւ կանաչ լոյս վառելը չէ), ապա մեր սփիւռքեան կառոյցներու ճակատագիրին հետ է որ կը խաղանք… կը նշանակէ, որ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումն ու մեր պահանջատիրական շարժումը կը վտանգենք:
Յարգելի խմբագիր, վերջապէս սկսար ճշմարտութիւնները տեսնել եւ արտայայտուիլ. Լաւ է ուշ քան երբեք։ Կը գնահատեմ քաջութիւնդ…..