ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Պոլսահայ ժողովրդական խօսակցութեան մէջ կան անընդունելի ինչ-ինչ տարազներ, որոնք իբրեւ թէ մաքուր հայերէն խօսողներու կողմէ կը գործածուին յաճախակի կերպով։ Ենթակաները կը կարծեն, թէ հայերէն կը խօսին, բայց այդ մէկը ուղղակի թրքերէնէ թարգմանութիւն է։
Ահաւասիկ շատ ցայտուն օրինակ մը.
Ենթադրենք, որ ճաշասեղան նստանք ու մեր առջեւը դրուեցաւ ճաշ մը, զոր չենք սիրեր։ Կ՛ըսենք. «Ասիկա ամէնէն չսիրած ճաշս է»։
Այս նախադասութիւնը բացարձակապէս հայերէն չէ։ Ո՞րն է հայերէնը։ Դժբախտաբար պիտի դժուարանանք գրելու հայերէնը։ Թերեւս պիտի ըսենք՝ «Ասիկա այն ճաշն է, որ ամէնէն անսիրելին է ինծի համար», կամ՝ «Ասիկա այն ճաշն է, զոր բնաւ չեմ սիրեր», եւ այլն։ Ասոնք նոյն ուժը ունի՞ն։ Կ՛երեւի թէ չունին։ Իսկ այն միւսները, զորս վերը գործածեցինք որպէս մաքուր հայերէն, պակաս բան մը ունին եւ քիչ մըն ալ «գրաբար» պիտի նկատուին մեր խօսակիցներուն կողմէ։
Որքա՛ն ալ գանգատինք պոլսահայ ռամիկ խօսակցութեան մէջ թրքերէնէ փոխ առնուած կամ ուղղակի թրքերէնէ թարգմանուած ոչ-հայերէն ասութիւններէ, կայ հատ մը, որուն դիմաց քիչ մը կ՛անճրկինք, որուն դիմաց կը զգանք, որ փորձանք մը փաթթուած է մեր խօսակցական լեզուին գլխուն, փորձանք մը՝ որ կարծես եկած է օտարոտի շեշտով լեցնելու մեր լեզուին մէջ մնացած պարապութիւն մը։ Ասիկա մեր նշանաւոր «կոր» մասնիկն է, զոր բայերու ետին կ՛աւելցնենք, երբ կ՛ուզենք արտայայտել այդ պահուն կատարուած գործողութիւն մը։
Ահաւասիկ օրինակներ. «Կու գամ կոր», «կ՛երթամ կոր», «կը լսեմ կոր», «դուն սա իմ ըսածը կը լսե՞ս կոր», եւ այլն։ Բոլոր այս ասութիւններուն մէջ պոլսահայը սա «կոր»ը կը գործածէ, առանց անդրադառնալու, որ անիկա թարգմանութիւնն է թրքերէն «յոր»ին՝ կել«ջյոր»ում, կիտ«ջյոր»ում, իշիթ«ջյոր»ում։ Այս «յոր»ն ալ թրքերէնի մէջ ցոյց կու տայ այդ պահուն կատարուած գործողութիւն մը։ Կ՛երեւի, թէ մերինները «յոր»ը վերածած են «կոր»ի։
Եւ այսօր, պոլսահայութեան ժողովրդական, նոյնիսկ մտաւորական շրջանակներէն ներս, մէկու մը հետ խօսիլ գրեթէ անկարելի է՝ առանց այս «կոր»ը գործածելու կամ իմանալու, հակառակ որ մաքրամաքուր հայերէնի մէջ տեղ չունի ան։ Մաքուր հայերէնի մէջ «Կու գամ կոր» չկայ. կայ պարզապէս՝ «Կու գամ»։ «Կ՛երթամ կոր» չկայ, այլ պարզապէս՝ «Կ՛երթամ»։ «Ես սա պահուն տուն կու գամ» ըսելը կը նշանակէ՝ ժողովրդական ասութեամբ՝ «Ես սա պահուն տուն կու գամ կոր»։ Բայց առանց «կոր»ի գործածուած «Կու գամ»ը խօսողին ալ գոհացում չի պատճառեր. կարծես բան մը կիսատ մնացած է նախադասութեան մէջ։ Մարդուս մէջ անզսպելի փափաք կայ այդ «կու գամ»ի ետին «կոր» մը աւելցնելու։ Գրական լեզուի մէջ, կամայ-ակամայ, բացարձակապէս չենք գործածեր այդ «կոր»ը։ Միայն թերեւս Յակոբ Պարոնեաններու կամ Երուանդ Օտեաններու նման պոլսահայ երգիծաբաններ իրենց երգիծական գրականութեան մէջ պարբերաբար գործածած են զայն։ Գրական լեզուի մէջ չենք գործածեր, բայց խօսակցական լեզուի մէջ կը գործածենք, որովհետեւ ուրիշ ճար չունինք։
«Կու գամ»ը իրականութեան մէջ՝ «Սա պահուն կու գամ» կը նշանակէ, ուստի իր ետին «կոր» մըն ալ աւելցնելու պէտքը պէտք չէ զգանք։ Բայց հարց մը կայ։ «Կու գամ»ը հոս երկրորդ իմաստ մըն ալ ունի։ Եթէ մէկը մեզի հարցնէ՝ «Վաղը մեզի կու գա՞ս», կը պատասխանենք. «Կու գամ»։
Այս «Կու գամ»ը, այս անգամ, ապագայ գործողութեան մը մասին գործածուեցաւ։ Հոս այլեւս ամէն ինչ դիւրին ու յստակ է։ Եթէ մէկը մեզի հարցնէ՝ «Վաղը մեզի կու գա՞ս», եւ մենք ալ եթէ պատասխանենք՝ «Կու գամ», այս անգամ «կոր»ի պէտքը չենք զգար, երբե՛ք չենք ըսեր «Վաղը կու գամ կոր»։ «Կու գամ»ը հոս հաւանութեան ու խոստումի նշանակութիւն ունի։
Լա՛ւ, բայց մենք որքա՛ն ալ չսիրենք այս «կոր» մասնիկը, անոր տեղ դնելիք ուրիշ բան մը չունինք։ Տեսակէտով մը կարելի է մտածել, որ ասիկա մեր լեզուին մէջ պարապութիւն մըն է, զոր մեր նախնիները վաղուց լեցուցած ըլլալու էին եւ պէտք չէ արտօնէին, որ ուրիշներէ փոխ առնէինք «կոր» մասնիկ մը։ Այսօր այլեւս շատ ուշ է։ «Կոր»ը արմատ նետած ու հսկայ ծառ մը դարձած է պոլսահայ ժողովրդական խօսակցութեան մէջ, դարձած է նաեւ պոլսահայու ինքնութիւն կամ պոլսահայու ստորագրութիւն։ Արտասահմանի կամ Հայաստանի մէջ ապրող հայերը, եթէ լսեն այս «կոր» մասնիկը, կը հասկնան, որ գործ ունին պոլսահայու կամ պոլսահայ ընտանիքէ եկած մէկու մը հետ:
Երբեմն Հայաստանի հեռատեսիլի կայանի հաղորդումներուն մէջ կը հանդիպիմ պոլսահայ ծանօթ անձերու հետ կատարուած հարցազրոյցներու։ Մերինները կը ջանան մաքուր հայերէնով մը արտայայտել իրենց գաղափարները, բայց առանց անդրադառնալու՝ բայերու ետին առատօրէն կը գործածեն «կոր» մասնիկը։ Ասիկա մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ ինծի, բայց չեմ գիտեր, թէ ուրիշներ, մանաւանդ դուրսինները, կը զգա՞ն այդ նոյն անհանգստութիւնը։
Եթէ Հայ ժողովուրդին նկատելի մէկ հատուածը կ՛ապրի Հայաստանէն դուրս, բնական է, որ ան պիտի մնայ իր բնակած երկրի լեզուին ազդեցութեան տակ։ Ուրեմն ասիկա միայն պոլսահայութեան հարցը չէ։ Ֆրանսայի մէջ ապրող հայու մը գործածած հայերէնը ֆրանսերէնէն մեծ փոխառութիւն ըրած պիտի չըլլա՞յ, ինչպէս պոլսահայ մարդուն թրքերէնէ ըրած փոխառութիւնը։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Կը զարմանամ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ-ի նման բանիմաց անձնաւորութենէ մը նման յօդուածի մը: «կոր» մասնիկի աչընչութեամբ: ես երկար պիտի չխօսիմ այդ մասին որ լեզուները ընդհանրապէս յարափոփոխ ընթացքի մէջ են եւ ոչ մէկ մասնագէտ կրնայ ընդգծել որ այս կամ այն յարափոփոխութիւնը «դրական» է թէ «ժխտական»: «Կոր»ը արեւմտահայ լեզուին մէջ մտած մասնիկ մըն է, որ կու գայ լեցնելու քերականական պարապ մը: առանց ամոր արեւմտահայը չի կրնար արտայայտուիլ ներկայ-շարունակական եղանակով (կ’ուտեմ կոր) ինչպէս արեւելահայերէնը այդ կը կատարէ «ում» մասնիկի գործածութեամբ (ուտում եմ): «Կոր»ի հարցը պոլսահայի հարց չէ միայն, այլ ընդհանուր առմամբ արեւմտահայերէնիղ: Գալով «կոր»ի թրքերենէ առնուած ըլլալու հարցին, արդեօք պրն. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ-ը կրնա՞յ վստահեցնել, որ լեզուներ ընդհանրապէս փոխաժութիւններ կը կատարեն ըստ հարմարւոյն՝ երբ այդ մէկը լեզուն զարգացնելու կը միտի՞ (այս պարագային դարձեալ կը շեշտենք նման զարգացման ոչ դրական ու ոչ ալ ժխտական ըլլալու հանգամանքը): Հետեւաբարշ թէեւ եիմ մասնագիտութիւնս լեզուկան-լեզուաբաբանական չէ, սակայն ես կ’ուզիմ արտայայտուիլ որ հիմնովին համաձայն եմ «կոր» մասնիկի գործածութեան: Ես այս պահում տունեն դուրս կ’ուգամկոր ու երբ վերադառնամ կը պատասխանեմ այս գծով ուղուած հարցումներուն (վերջին «նախադասութեանս մէջ «կոր»ի գործածութիւնս նպատակադրուած էր)…
Համաձայն եմ Փրոֆ. Մոմճեանին հետ։ Անշուշտ թէ յարգարժան յօդուածագիրն ալ ձեւով մը կ`ընդունի որ ՙկոր՚ ի գործածութիւնը արեւմտահայերէնի մէջ քերականական պարապի մը պատճառաւ է։ Այստեղ նաեւ կարելի է նշել թէ այդ պարապը մեր գրական արեւմտահայերէնի մէջ ալ արտայայտչական դժուարութիւն ու սահմանափակում մը ստեղծած է որ կը կարծեմ մեզ կը մղէ գրական մեր լեզուին մէջ շրջանցել եղանակ մը որ չենք կրնար արտայայտել ու ակամայ սահմանափակուած կըլլայ մեր գրութիւնը։ Երբեք չեմ կարծեր որ ՙկու գամ՚ եւ ՙկուգամ կոր՚ նոյն եղանակը կ`արտայայտեն։ Համաձայն եմ որ ՙկոր՚ մասնիկը գեղեցիկ չէ եւ հաւանաբար օտարամուտ։ Եթէ այդպէս է կ`առաջարկեմ մեր արեւմտահայ քերականագէտ լեզուագէտներուն, եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի նուիրուած համագումարներուն նկատի առնել այս կէտը եւ ստեղծել աւելի հայահունչ մասնիկ մը որ նախ եւ առաջ մեր գրական հայերէնի մէջ կրնանք հանգիստ գործածել ինչպէս արեւելահայերէնի մէջ եւ ապա այդ մասնիկը անպայման պիտի փոխարինէ ՙկոր՚ ը խօսակցական մեր լեզուին մէջ։ Վերջապէս լեզուի օրէնքներն ու դարձուածքները կաղապարուած չեն ու մ կը կարծեմ որ միշտ կարելի է փոփոխութիւններ մտցնել երբ անոնք լաւապէս ուսումնասիրուած են ։