ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի, Ռուսաստանի հայերու միութեան ու Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նիւթական աջակցութեամբ, Օգոստոս 14ին անգամ մը եւս Երեւան ժամանած է սուրիահայ 149 երեխայ: Այս մասին յայտնած են «Արմաւիա» ընկերութենէն՝ ըսելով. «Այստեղից դատարկ՝ երկու ուղեւորով ինքնաթիռ է թռել Հալէպ եւ այնտեղից վերադարձել 149 երեխաներով»:
Նշենք, որ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան մամլոյ ծառայութենէն նախապէս յայտնած էին, թէ միութեան եւ քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեան 43 հազար տոլար տրամադրած է «Արմաւիա» ընկերութեան՝ Երեւան-Հալէպ-Երեւան թռիչքը կազմակերպելու համար:
Նաեւ «Արմաւիա»էն կը տեղեկացնեն, թէ ընկերութիւնը Երեւան-Հալէպ-Երեւան եւ Երեւան-Դամասկոս-Երեւան թռիչքները կ՛իրականացնէ կառավարութեան հետ համատեղ:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 9ին Երեւան ժամանած էր սուրիահայ երեխաներու առաջին խումբը՝ 120 երեխայով: Զանոնք դիմաւորելու համար օդակայան գացած էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Տարածքային կառավարման փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեանը, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը եւ սուրիահայ երեխաներուն հարազատները: