
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 14 Օգոստոսին «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն այցելած եւ իր խօսքը փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, որ անդրադարձած է յատկապէս բանակի կազմաւորման ու ամրապնդման նպատակով ի գործ դրուող աշխատանքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։
Բանակի կազմակերպական վիճակին մասին խօսելով՝ ան ըսած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի համալրման խառը սկզբունքը շարունակում է հիմնականը լինել»։
Անոր համաձայն, թէեւ ներկայիս բոլոր պետութիւնները արագ քայլերով կ՛ուղղուին դէպի մասնագիտական բանակներու կազմաւորում, «այնուամենայնիւ, ելնելով մեր աշխարհագրական պայմաններից, մենք դեռեւս փրոֆէսիոնալ տարրի ընդլայնման քայլեր ենք ձեռնարկում եւ աշխատում, որպէսզի աստիճանաբար աճի պայմանագրային ծառայութիւնը», դիտել տուած է ան։
«Փրոֆէսիոնալ կազմի մէջ մենք հաշւում ենք ինչպէս սպաներին, ենթասպաներին, այնպէս էլ փրոֆէսիոնալ սերժանտներին եւ պայմանագրային ստորաբաժանումները», հաստատած է նախարարը:
Անդրադառնալով շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ Ճամբարակի զօրամասը փակուած է, Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ որեւէ զօրամաս չէ փակուած: «Մենք պարզապէս պարտադիր ժամկէտային ծառայութեան համալրման սկզբունքից անցում ենք կատարում պայմանագրային ծառայութեան համալրման սկզբունքի: Դա կիրառւում է յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերում՝ լուծելով նաեւ սոցիալական խնդիր», նշած է ան եւ աւելցուցած, որ սահմանային շրջաններէն մարդոց մեծաթիւ արտագաղթը կարելի եղած է կասեցնել նման համակարգի որդեգրման շնորհիւ: «Մարդիկ սկսել են ոչ միայն պաշտպանել սահմանը, իրենց գիւղերը, այլեւ միաժամանակ զբաղուել նաեւ գիւղատնտեսութեամբ», յայտնած է նախարարը։
Պաշտպանութեան նախարարին համաձայն, կը կատարուին նաեւ կառուցուածքային այլ փոփոխութիւններ:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու շարքերուն մէջ առկայ ամէն տեսակի խնդիրներուն մնայուն ուշադրութիւն կը դարձուի, ո՛չ միայն առաջին գիծի վրայ եղողներու պարագային, այլ ռազմավարական բոլոր ուղղութիւններով ծաւալած գործունէութեան ընթացքին։
Անոր համաձայն, զինուած ուժերը պիտի դիմեն զսպիչ քայլերու, եթէ Հայաստանի նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարուին: «Մենք այսօր ունենք բանակ, որը լիարժէքօրէն, առանց որեւէ երրորդ ուժի, կարողանում է անհրաժեշտ պաշտպանութիւն իրականացնել: Որքան էլ Ատրպէյճանում ռազմական հռետորաբանութիւնը տանի դէպի այն, որ իրենք արցախեան հարցը լուծելու են ռազմական ճանապարհով, մենք դրա պատասխանն ունենք՝ ռազմական ճանապարհով արցախեան հարցն արդէն մէկ անգամ լուծուել է, այժմ դիւանագիտական քայլեր են պէտք՝ ամրագրելու այդ ամէնը», յայտարարեց Սէյրան Օհանեան:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող բանակցութիւններուն անդրադառնալով՝ նախարար Օհանեան հաստատած է, որ ժամանակը հասած է Լեռնային Ղարաբաղը եւս ներգրաւելու իբրեւ բանակցային կողմ։ Անոր այս կարծիքը հիմնաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակով եւ արձանագրուող արագ զարգացումներով։ «Դրանք կամաց-կամաց բերում են նրան, որ ինչպէս Հայաստանը, այնպէս էլ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող պետութիւնները գան համոզման, որ ժամանակն է՝ Լեռնային Ղարաբաղն բանակցութիւններում որպէս բանակցող կողմ ներկայանայ եւ մասնակցի հարցի բանակցային կարգաւորմանը: Ժամանակ է պէտք է, որ այս հարցում մենք առաջընթաց ունենանք, կարողանանք հիմնաւորել: Ամէնից կարեւորն այն է, որ մենք տէ ժիւրէ յաղթել ենք եւ տէ ժիւրէ գնալու ենք նրան, որ Ղարաբաղը ճանաչուի», շեշտած է պաշտպանութեան նախարարը։
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ռազմավարական գործընկերներ են, կնքած բաւականին կուռ եւ երկար ժամանակի վրայ երկարող համաձայնագիրներ։ «Ռուսիան պարտաւորուել է մեզ անհրաժեշտութեան դէպքում ապահովել ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական թեքնիքայով», հաստատած է ան։