ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի պետական նպաստներու համակարգը կը գործէ ընկերային ոլորտին մէջ ներառել յատկապէս անապահով եւ պետական հոգածութեան կարիք ունեցող խաւերը: Պետական նպաստներու համակարգը շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը գործէ, եւ այդ ընթացքին կատարուած փոփոխութիւններուն, ծրագիրներուն նպատակն է ընկերային իմաստով անապահով ընտանիքներուն կենսամակարդակի բարձրացման աջակցիլ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ օժանդակել մեր հանրապետութեան ժողովրդագրական վիճակին:
Ընտանիքներուն հասցէագրուած պետական քաղաքականութեան շարունակութիւնը եւ հետեւողական իրականացումը թերեւս իւրաքանչիւր պետութեան կարեւորագոյն գործառոյթներէն է: Արցախի մէջ վերջին տարիներուն վերանայուած է պետական նպաստներու համակարգը, ներդրուած եւ կեանքի կոչուած են ծրագիրներ, որոնք նպատակ ունին խթանել ամուսնութիւններուն եւ ծնունդներուն թիւի աճի կշռոյթը:
Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային ապահովութեան նախարարութեան մէջ ընտանիքի եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Սամուէլ Դադայեանի համաձայն, այս ծրագիրները կը շարունակուին եւ պետական նպաստներ կը յանձնուին: Ծնելիութեան եւ բազմազաւակութեան խթանման ծրագիրով, 1 Օգոստոսի դրութեամբ, 1630 երեխայի ծննդեան առիթով յատկացուած է 447 միլիոն 300 հազար դրամի նպաստ. 601ը՝ առաջին երեխայի ծննդեան առիթով, 545ը՝ երկրորդ, 303՝ երրորդ եւ 181՝ չորրորդ եւ յաջորդ զաւակներու ծննդեան առիթով: Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ երեխայի ծննդեան գծով նպաստ տրուած է 583 հոգիի, Մարտակերտի մէջ՝ 241ի, Մարտունիի՝ 237ի, Ասկերանի՝ 180ի, Հադրութի՝ 128ի, Շուշիի՝ 65ի, Շահումեանի՝ 39 եւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ 157 հոգիի: Նշենք, որ նպաստը կը յատկացուի նկատի ունենալով այն երեւոյթը, թէ ան ընտանիքի թիւ քանի՛ զաւակն է. առաջին զաւակի պարագային կը տրամադրուի 100 հազար դրամ, երկրորդին՝ 200 հազար դրամ, երրորդին՝ 500 հազար դրամ, չորորդ եւ իւրաքանչիւր յաջորդ երեխայի ծննդեան պարագային 700 հազար դրամ: 2011 թուականի Յունուար-Յուլիս ամիսներու տուեալներով, հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 1507 երեխայի ծնունդ, իսկ 2012 թուականի նոյն ժամանակահատուածին՝ 1494 երեխայի (նուազած է 13ով):
Երիտասարդ ընտանիքներուն պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով կը շարունակուի 2008 թուականի Յունուար 1էն սկսած նորաստեղծ ընտանիքներուն 300 հազար դրամով ամուսնութեան նպաստ յատկացնելու ծրագիրը: Այս ժամանակաշրջանին 532 նորաստեղծ ընտանիքի յատկացուած է 159 միլիոն 600 հազար դրամի նպաստ։
Ս. Դադայեանի համաձայն, նպաստ ստացած նորաստեղծ ընտանիքներուն թիւը Ստեփանակերտի մէջ կազմած է 222, Մարտակերտի շրջանին մէջ 72, Մարտունիի՝ 78, Ասկերանի՝ 44, Հադրութի՝ 39, Շուշիի՝ 19, Շահումեանի՝ 7 եւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ՝ 51: Ամուսնութեան նպաստ ստացած 166 զոյգի ամուսնութիւնները արձանագրուած են 2011 թուականին: Ծրագիրէն օգտուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ ծառայող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող պայմանագրային զինուորական ծառայողներու նորաստեղծ 19 ընտանիքներ:
Նշենք, որ Յունուար-Յուլիս 2011ին արձանագրուած է 415, իսկ այս տարուան միեւնոյն ամիսներուն՝ 535 ամուսնութիւն, այս կը նշանակէ, որ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով ամուսնութիւններուն թիւը աւելցած է 120ով: