ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի, որ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան-ներու Ազգային վարչութիւնը խոր գոհունակութեամբ կը յայտարարեն, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առիթով, Հոկտեմբեր 2011ին, ազգային Վարժարաններուն ի նպաստ կատարուած հանգանակային աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, հաստատուած էր յատուկ հիմնադրամ մը։
«800,000 (ութ հարիւր հազար) տոլարի հիմնադրամին մէկ բաժինը կը պահուի անձեռնմխելի. մնացեալ գումարէն՝ անցեալ Նոյեմբերին մեր վարժարաններուն տրամադրուեցաւ յատկացումներու առաջին բաժինը։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի սեմին, Ազգային առաջնորդարանը մեր վարժարաններուն կը փոխանցէ յատկացումներուն երկրորդ բաժինը։
Նկատի ունենալով տնտեսական ծանօթ վիճակն ու մեր կրթական հաստատութեանց դիմագրաւած դժուարութիւնները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու բարերարներուն նուիրաբերումներէն գոյացած այս հիմնադրամը կարեւոր նպաստ է, նիւթական բեռները թեթեւցնելու իմաստով։ Այս առիթով կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ անձեռնմխելի հիմնադրամը բաց կը մնայ նոր նուիրատուութիւններու առջեւ, կը յուսանք, որ անիկա պիտի ուռճանայ ժամանակի ընթացքին ու անոր շահոյթին բարիքները նմանապէս պիտի տրամադրուին մեր ուսումնարաններուն», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: