
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին մտահոգութիւն յայտնած է ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումին առնչութեամբ:
Շուլց ըսած է. «Դատապարտուած անձերու արտայանձնման վերաբերեալ համաձայնագիրը պէտք չէ չարաշահուի քաղաքական նպատակներով: Ես մտահոգուած եմ Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ Սաֆարովին՝ քաղաքական նպատակներով ներում շնորհելու փաստով: Միեւնոյն ժամանակ կոչ կ՛ընեմ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան իրավիճակը աւելիով վատթարացնել»:
Իր կարգին, Եւրոպական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոք քննադատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Սաֆարովին ներում շնորհելու քայլը, ըսելով. «Խորապէս մտահոգուած եմ այն իրողութեամբ, որ Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհուած է եւ ան հրապարակայնօրէն փառաբանուած է, ստանալով հազարապետի աստիճան, 8 տարուան աշխատավարձ, նոր բնակարան: Ան պարզապէս հերոսացուած է: Ատրպէյճան հունգարական իշխանութիւններուն գրաւոր խոստում ներկայացուցած էր, որ Ատրպէյճանի վերադառնալէ ետք, Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը՝ առնուազն 25 տարի

բանտարկուած մնալով, որովհետեւ ցմահ բանտարկութիւնը ներման միջոցով կրնար փոխարինուիլ միմիայն 25 տարուան բանտարկութեամբ, համաձայն՝ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 82.3 յօդուածին: Սակայն Ատրպէյճան
խախտեց իր խոստումը: Սաֆարովին ազատ արձակելու որոշումով, Պաքու կը շրջանցէ Եւրոմիութեան անդամ պետութեան մը դատարանի վճիռը եւ մարդասպանին կը ներկայացնէ հերոսի կերպարանքով՝ Պաքուիի մէջ երեխաներուն զուարճացնելու համար», նշած է Պրոք:
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Մինիոն եւս Սեպտեմբեր 5ին իր մտահոգութիւնը յայտնած է Սաֆարովի ներում շնորհելու քայլին առնչութեամբ: «Ձայնս կը միացնեմ ահաւոր յանցագործութեան փառաբանման միջազգային դատապարտման: Սաֆարովին ազատ արձակելը անընդունելի է: Գայթակղեցուցիչ այս արարքը պիտի ունենայ բացասական հետեւանքներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ շրջանը կը դնէ իրավիճակը ապակայունացնելու վտանգին առջեւ: Ես կոչ կ՛ընեմ Պաքուի իշխանութիւներուն, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքորոշումը, զայն համապատասխանեցնելով Եւրոխորհրդի չափանիշերուն», աւելցուցած է ԵԽԽՎ նախագահը: