ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած Սեպտեմբեր 3 թուակիր նամակով մը, Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութիւնը մտահգութիւն յայտնած է ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ատրպէյճանի իշխանութեան որոշումին նկատմամբ, միաժամանակ ողջունելով այն իրողութիւնը, որ նախագահ Օպամա արդէն իսկ այս կապակցութեամբ իր մտահոգութիւնն ու յուսախաբութիւնը փոխանցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
Սակայն, Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութիւնը կոչ ըրած է նախագահին, որ յաւելեալ քայլերու դիմէ սրբագրելու համար միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն դէմ Պաքուի կողմէ առնուած այս քայլերը եւ վերականգնելու համար արդարութիւնը:
«Կը դիմենք ձեզի, որ հետեւիք ձեր խիղճի կոչին ու արդարութեան այն չափանիշներուն, որոնք ձեցի հասցուցած են մեր երկիրին ամենաբարձր պաշտօնին եւ պատճառ դարձած են, որ վայելեք միլիոնաւոր քաղաքացիներու աջակցութիւնը, որոնց շարքին ամերիկահայերու փաղանգ մը», նշուած է նամակին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, թէ Ատրպէյճանի քայլը նաեւ հարուած մըն է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Ուաշինկթընի ջանքերուն:
«Այս շաբաթ, երբ Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին ընթացքին կը պատրաստուիք պաշտօնապէս ստանձնելու նախագահի թեկնածուի դիրքը, վստահ ենք, որ պիտի շեշտէք, թէ Միացեալ Նահանգները կը մնայ ազատութեանց եւ ժողովրդավարութեան պաշտպան աշխարհի առաջատար երկիրը: Այս առիթով, կը խնդրենք ձեզմէ, որ պահ մը մտածէք, թէ այդ յայտարարութիւնները որքանո՞վ կը համապատասխանեն Ատրպէյճանի իշխանութեանց հետ ձեր բարեկամական յարաբերութեանց: Կը խնդրենք, որ ցոյց տաք աշխարհին, թէ այն քաջ ու յանդուգն ղեկավարն էք, որուն համար արդարութիւնը ամէն ինչէ վեր կը մնայ եւ բոլորին համար է», կ՛եզրակացնէ նամակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.