Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարաններուն համար, ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանը սկսաւ նոր նուաճումներու ձգտումով։
Օգոստոսի երկրորդ կիսուն, ազգային վարժարաններն ու մանկամսուրները յաջորդաբար բացին իրենց դռները, մեր մանուկ ու պատանի աշակերտներուն ջամբելու քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւն, անոնց միտքերն ու հոգիները հարստացնելու գիտութեամբ ու մշակութային աւանդներով, հայեցի շունչ ու մթնոլորտ պարգեւելու դեռատի սերունդին։
Մեր վարժարաններուն մէջ, վերամուտի օրը ունի իւրայատուկ իր մթնոլորտը։ Դպրոցական առաջին օրը, աշակերտներ ու ծնողներ կը ժամադրուին դաստիարակներուն ու տնօրէններուն հետ, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր հայրերու եւ ուսումնական համակարգի պատասխանատուներու՝ ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ու դպրոցներու ուսումնական մարմիններու ներկայացուցիչներու։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, անձամբ կամ ներկայացուցիչ հոգեւորականներու միջոցով, ներկայ եղաւ ու հովանաւորեց վերամուտի արարողութիւնները։ Հանդիսաւոր արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերու անդամներ եւ ուղեկից միաւորներու ներկայացուցիչներ։
Կարգ մը մանուկներ առաջին անգամ ըլլալով քայլ առին հայ դպրոցի սեմէն ներս, միանալու երթին աւելի երէցներուն, որոնք վերադարձած էին վերագտնելու դասընկեր ու դաստիարակ, շարունակելու հայութեամբ տոգորուելու երթը։ Հայ ծնողներ, ինչպէս անցեալ տարիներուն, իրենց զաւակները դարձեալ առաջնորդած էին հայ դպրոց, որ խորքին մէջ երկարաձգումն է հայ ընտանիքին, նաեւ հայրենի հարազատ հող՝ մայր հայրենիքէն հեռու։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ը վերամուտ էր Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կողքին գործող Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտներուն։ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտները աղօթքով սկսան 2012-2013 տարին։ Տէր հայրը ընթերցեց առաջնորդին պատգամը։ Տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին ու ծնողներու կողքին, ներկայ էին վարժարանի ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչները։ Խօսք առին տնօրէնուհին՝ Գոհար Զահր եւ ուսումնական մարմինի անդամներէն Գէորգ Քէշիշեան, որոնք ողջունեցին աշակերտներն ու ծնողները, մաղթելով, որ ուսումնական նոր տարին ըլլայ յաջողութեան շրջան մը։ Աղօթքէն ու քայլերգներէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան դասարանները, ապա առաջնորդուեցան եկեղեցի եւ ստացան Ս. հաղորդութիւն։
Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը եւս Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, իր դռները բացաւ արձակուրդէ վերադարձող աշակերտներուն առջեւ։ Վերամուտը տեղի ունեցաւ կարճատեւ արարողութեամբ մը, որ սկսաւ աղօթքով։ Վարժարանի տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմին կողքին, ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, խնամակալ մարմինի անդամ Քրիս Քէօսեան, դպրոցի ուսումնական մարմինի ատենապետ Պերճ Պապիկեան եւ անդամներ, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի անդամ Ճեք Հաճինեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Շիրազ Սաւոյեան եւ անդամներ, ուղեկից միաւորներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր: Բարի գալուստի եւ սրտի խօսք արտասանեցին վարժարանի տնօրէն Սեդօ Պօյաճեանն ու Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին՝ Ռիմա Պօղոսեանը։ Աշոտ քահանայ ընթերցեց վերամուտի առիթով սրբազանին յատուկ պատգամը։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ տէր հօր «Պահպանի»չով։
2012-2013 տարին եթէ նախընթաց տարիներուն հետ ունի հասարակաց բազմաթիւ գիծեր, անիկա ունի նաեւ զատորոշող խորագիր մը. ինչպէս ծանօթ է, 2012ը հռչակուած է Հայ Գիրքի Տարի։ Այս մօտեցումով ալ, մեր վարժարաններու դաստիարակները յատուկ նախանձախնդրութեամբ աշակերտներուն մօտ կը շեշտեն հայ գրաւոր մշակոյթի աւանդներուն արժէքը, զանոնք իւրացնելու եւ աննիւթական մեր հարստութիւնները աւելի եւս ուռճացնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ Հայ Գիրքը է ու կը մնայ ամէնէն հաստատուն կամուրջը մեր դարաւոր ժառանգութեանց հետ հաղորդակից դառնալու, զայն միտքերու եւ հոգիներու մէջ հոսեցնելու եւ անոնցմով ամէն օր քիչ մը աւելի արմատաւորուած հայ դառնալու առումով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.