
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը հրատարակեց իր երրորդ դաստիարակիչ պաստառը, նուիրուած՝ հայկական ժողովրդական նուագարաններու։ Այս շարքին առաջինը նուիրուած էր մայրերու, իսկ երկրորդը՝ մեր քայլերգին։
Զարդարանքը կատարուած է Սիրուն Երեցեանի մանրանկարչութեամբ, իսկ ձեւաւորումը կատարած է Վանիկ Թորիկեանը։
Մասնաճիւղի նպատակն է այս հրատարակութիւններու օրինակներէն նուիրել հայկական դպրոցներուն եւ հայկական կեդրոններուն։
Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել Սիւզան Պզտիկեան Ֆոնտի հովանաւորութեան շնորհիւ:
«Հայկական դպրոցները կարիքը ունին նմանօրինակ պաստառներու։ Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ հայ աշակերտին դասարանը աւելի զարդարուն դարձնել հայկական նիւթերու դաստիարակիչ փոսթըրներով», ըսաւ գաղափարը յղացող, Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանը։
Հետաքրքրուող դպրոցներն ու դաստիարակները ձրիաբար ստանալու համար այս փոսթըրներու օրինակներէն, կրնան դիմել մասնաճիւղին հետեւեալ հասցէին՝ htglendale@yahoo.com: