ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, Չեխիոյ հանրապետութիւնը յայտարարեց, թէ մտահոգուած է ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու ու ազատ արձակելու Պաքուի որոշման կապակցութեամբ: Չեխիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ամբողջովին համաձայն է այս մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի եւ ընդարձակման քաղաքականութեան հարցերով Եւրոմիութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի կողմէ շաբաթասկիզբին կատարուած համատեղ յայտարարութեան, աւելցնելով, թէ Չեխիա այն համոզումը ունի, որ Պաքուի այդ քայլը ոչ միայն չի համապատասխաներ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան ջանքերուն, այլ նաեւ վտանգ կը սպառնայ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին:
Իր կարգին, Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Միլան Ցապռնոխ յայատարարած է. «Իբրեւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան, Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան եւ Եւրոմիութիւն-Վրաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովներու պատուիրակութեանց ղեկավար, իմ խոր մտահոգութիւնը կը յայտնեմ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու կապակցութեամբ, հակառակ անոր, որ ան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր ազգութեամբ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին՝ Հունգարիոյ մէջ 2004ին դաժանօրէն սպանելուն համար»:
Ան աւելցուցած է, թէ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ եւրոպական արժէքները պէտք է կազմեն եւրոպական կառոյցներու միանալու աշխատանքներուն անկիւնաքարը եւ այդ պատճառով, Պաքուի որոշումը պէտք է դիտել իբրեւ «արդարադատութեան ընթացակարգերու վտանգաւոր եւ սխալ կիրառում»:
«Կոչ կ՛ընեմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ բացայայտեն իրենց յանձնառութիւնը վերոնշեալ արժէքներուն», աւելցուցած է ան:
Իր կարգին, Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն ատեանի ներկայացուցիչ Նիլս Մուիզնիէքս Սաֆարովը ազատ արձակելու որոշումին դէմ պարզեց իր տեսակէտը, ըսելով. «Ցեղապաշտական յանցանքները անպատիժ պէտք չէ մնան։ Ցեղապաշտական յանցանքները ամէնէն վտանգաւոր յանցանքներու կարգին տեղ կը գրաւեն։ Այս մտածելակերպի տէր մարդոց յանցանքներուն ներում շնորհելու իրողութենէն ցաւ կը զգանք միայն։ Առնուած այս քայլը մարդկային իրաւանց հակասող քայլ մըն է։ Նմանօրինակ յանցանքներ գործողները ներման արժանացնելու պարագան կրնայ գէշ օրինակ դառնալ ուրիշներուն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.