ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի համակրանքին արժանանալու համար, նախագահի թեկնածուներ Պարաք Օպամա եւ Միթ Ռամնի պէտք է մեծ ջանք ի գործ դնեն. այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան:
Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է թեկնածուներուն, որ հայ-ամերիկեան հարցերու շուրջ իրենց տեսակէտները յստակացնեն ու հանդիպումներ ունենան հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Յստակ չէ, թէ հանդիպումները ե՛րբ տեղի պիտի ունենան, բայց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը թեկնածուներուն ուղարկած է շուրջ չորս տասնեակ հարցումներ, որոնց պատասխանները պիտի օգնեն համայնքի ներկայացուցիչներուն աւելի յստակօրէն իմանալու, թէ ի՛նչ կարելի է սպասել երկու թեկնածուներէն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան, Արցախի ինքնորոշման եւ æաւախքի հարցերուն վերաբերեալ», ըսած է ան: