ԵՐԵՒԱՆ.- «Փանարմինիըն» լրատուական կայքը, յղում կատարելով հունգարական «Politics.hu» կայքին՝ կը հաղորդէ, որ հունգարական ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը Հունգարիոյ արդարադատութեան նախարարէն կը պահանջէ հանրութեան հասանելի դարձնել այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին Սաֆարովի արտայանձնման:
Կուսակցութեան իրաւաբան Կերկելի Պարանտի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը պիտի օգնէ յստակացնելու, թէ ո՞վ եւ որքանո՞վ մեղաւոր է Սաֆարովի արտայանձնման հարցով:
«Շատ հաւանական է, որ Հունգարիոյ վարչապետը Սաֆարովի արտայանձնման մասին որոշումը տուած է՝ յուսալով ստանալ նիւթական շահ», ըսած է ան:
Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ Սաֆարովի արտայանձնումը իրականացուած է Ատրպէյճանի կողմէ Հունգարիոյ 2-3 միլիոն եուրօ արժող պետական պարտամուրհակներու գնման դիմաց: Հունգարական կողմը կը հերքէ այս լուրը: