ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի հաւաքականի յաղթանակին մասին հետեւեալը գրած է. «Այսօրուան յաղթանակի բերկրանքը աւելի քաղցրացնելու համար ըսեմ, որ ըստ գոյութիւն ունեցող կարգին՝ Թուրքիոյ նամակատնային ծառայութիւնը այս տարի պիտի հրապարակէ յատուկ դրոշմաթուղթ, ծրար եւ բացիկ՝ նուիրուած Պոլսոյ մէջ կայացած Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի կայացման: Իբրեւ կանոն՝ այսպիսի պաշտօնական նամակատնային հրապարակումներու վրայ յատուկ կերպով կը նշուի տուեալ մրցումին յաղթանակ արձանագրած երկիրին անունը: Այսպիսով, թրքական դրոշմաթուղթին վրայ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Հայաստան» անունը՝ իբրեւ յաղթող երկիր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ըստ իս, այս լուրով հպարտանալը միամտութիւն է: Թուրքիոյ կողմէ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը կարելի է միայն իրենձ նպատակին ծառայել. քաղաքականացնելով զայն, “Բրոթոքոլ”ի պարունակին մէջ թուրքիոյ -Հայաստանի ներկայ սահմաններու Ճանաջումի իռենձ ըմբռնումը տարածելով:
Հետեւաբար թուրքերը հայաստանի քարտեսը պիտի գծեն…