ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանահայերու կեդրոնական խորհուրդը նախաձեռնած է նուիրաբերութիւն-դրամահաւաքի մը՝ իբրեւ հրատապ օգնութիւն սուրիահայերուն: Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ազատ Օրդուխանեան կը փոխանցէ, թէ հիմնուած է յատուկ կոմիտէ մը, որ նուիրատուութիւններ կը հաւաքէ եւ պիտի համակարգէ օժանդակութեան ձեռնարկներու իրականացումը:
«Հալէպի հայկական համայնքը մինչ այժմ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքական պատերազմի իրադարձութիւններու կիզակէտին չէր գտնուեր: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ հայերով բնակեցուած քանի մը այլ բնակավայրերու: Սակայն այս ընթացքին իրավիճակը փոխուած է: Շարունակաբար կ՛աւելնան բախումները նաեւ երկրի կեդրոնին՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ: Փաստօրէն, հայերը ներգրաւուած չեն հակամարտութեան մէջ, սակայն անոնք, ցաւօք, հասարակական, տնտեսական ու քաղաքական բազմացող դժուարութիւններու կը հանդիպին: Մենք կը ցանկանանք օգնել սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն՝ դժուարին իրավիճակէն ելք գտնելու: Մենք կը ցանկանանք այդպիսով ապագայի հանդէպ անոնց քիչ մը յոյս տալ», ըսուած է Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութեան մէջ:
Ազատ Օրդուխանեանի համաձայն՝ բարեգործական նախաձեռնութեան կ՛աջակցին Սուրիոյ հայ համայնքը, «Կարմիր խա»չ ընկերութիւնը, հայկական 3 աւանդական կուսակցութիւնները եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:
«Մեր բարեգործական աշխատանքով մենք կը ցանկանանք փաստել մեր հայրենակիցներուն՝ ողջ հայութեան միաւորուածութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.