Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22ին, Պելճիքայի հայերու «Արդա» հասարակական կազմակերպութեան ջանքերով եւ Սերգէյ Վարդանեանի ղեկավարութեամբ իրականացաւ «Ես հայ եմ, այո՛, ես եմ» խորագիրով փառատօնը:
Չորրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցած սոյն փառատօնին բացումը ազդարարած է այս անգամ «Հայու ինքնութիւնը» խորագիրը կրող աւանդական գիտաժողովը, որ տեղի ունեցած է Անտվերպի մարզային խորհրդարանին մէջ:
Հրաւիրեալները հնարաւորութիւն ունեցած են հնչած ելոյթները ունկնդրելու թարգմանութիւններով՝ ֆրանսերէն եւ հոլանտերէն լեզուներով:
Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Հայաստանէն հիւրեր, որոնք հանդէս եկած էին հայու տեսակի, ազգային ոգիի եւ ինքնութիւնը բնորոշող յատկանիշներու մասին ելոյթներով:
Ելոյթներ ունեցած են Պելճիքայի թագաւորութեան հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետ Զատիկ վրդ. Աւետիքեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Կարինէ Աշուղեանը, Հոլանտայի «Աբովեան» մշակութային կեդրոնի նախագահ Մաթօ Հախվերտեանը եւ «Արարատէն Եւրոպա» շարժապատկերի հեղինակ Արսէն Յակոբեանը:
2013ին Պելճիքայի հայ համայնքը պիտի ունենայ նորակառոյց իր օճախը՝ «Հայկական կեդրոն»ը՝ բոլոր յարմարութիւններով օժտուած:
Փառատօնի երկրորդ մասը յագեցած մշակութային, ժամանցային եւ համերգային բազմատեսակ կատարումներով:
Ելոյթներ ունեցած են բազմաթիւ խումբեր եւ անհատ կատարողներ:
Արուեստի իրենց ստեղծագործութիւնները ներկայացուցած են քանդակի, նկարչութեան, խեցեգործութեան եւ այլ բնագաւառի ստեղծագործողներ:
Փառատօնի ընթացքին բացուած են տաղաւարներ, ուրկէ կարելի եղած է ձեռք բերել հայկական զանազան յուշանուէրներ:
Բացօթեայ բեմէն հնչած հայկական ուրախ երգն ու պարը, բարձր տրամադրութիւն եւ հաճելի հայկական օր պարգեւած են «Ես հայ եմ, այո՛, ես եմ» փառատօնի մասնակիցներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.