
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանայ Վարագավանքի եօթը եկեղեցիներու հարցը բոլորովին նոր ծաւալ մը ստացաւ, երբ յայտնի դարձաւ, որ այսօր այդ եկեղեցիներուն սեփականաթուղթը կը պատկանի յայտնի լրագրող եւ «Հապերթիւրք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին, եւ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին պատճառ դարձաւ փոթորկոտ ցոյցերու ու ձեռնարկներու։
Հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ հայ հաւաքականութենէն անհատներ բողոքի արշաւի սկսան Ալթայլըի դէմ ու անոր հարցուցին, թէ ո՞ւր են այդ եկեղեցիներուն նախկին տէրերը։ Նատիա Ույկուն անուն հայուհի մը ստորագրութիւն կը հաւաքէ Ալթայլըի ուղղեալ նամակի մը տակ, ուր ծանր մեղադրանքներ կան Ալթայլըի հասցէին։ Նամակէն կը հաղորդուին հետեւեալ մասերը.
«Զարմանալով, նաեւ ցաւելով կը կարդանք ձեզի ժառանգ մնացած հայկական եկեղեցիներու մասին ձեր այն յայտարարութիւնները, որոնք կը հրատարակուին մամուլի մէջ։ Դուք անշուշտ, որ այս կարեւոր մշակութային կեդրոնին գլխուն եկածներէն պատասխանատու անձ մը չէք, բայց եթէ ձեր այսօրուան դիրքորոշումը շարունակէք, ասկէ վերջ պատասխանատու պիտի դառնաք այդ ժառանգութեան ճակատագիրին։ Համաշխարհային հանրային կարծիքը կը դժուարանայ հասկնալու ձեր խօսքերը։ Ձեր ըսածները կատակի կը նմանին։ «Մեծ հայրս նորոգութիւն ընել տուեր է», «եթէ ուզեն, եկեղեցիները կը ծախեմ», եւ այլն։ Ծիծաղելի, նոյնիսկ ողբերգականօրէն ծիծաղաշարժ կացութեան մը մէջ կը գտնուիք։ Դուք շատ նշանաւոր լրագրող մըն էք։ Հիմա պարկեշտ ու քաղաքակիրթ մէկու մը նման ձեր ընելիք միակ բանն է ձեր ձեռքի սեփականաթուղթով դիմել Հայոց պատրիարքարան եւ այդ կալուածը փոխանցել Հայոց պատրիարքարանին։ Հիմա չենք ուզեր ձեզի հարցնել, թէ այս կալուածը ի՞նչպէս անցեր է ձեր մեծ հօր սեփականատիրութեան։ Գիտենք, որ դուք ալ մաս կը կազմէք ուրացողներու խումբին։ Դուք ալ անոնցմէ էք, որոնք կը պնդեն, թէ հայերը օր մը դաշտագնացութեան մը երթալու համար լքեցին այդ հողերը։ Անտէր մնացած հողերուն մէկ մասն ալ մնաց ձեր մեծ հօրը։ Ան ալ շէնքերը նորոգեց, պարտէզները ջրեց։ Այս նիւթին մէջ մտնել չենք ուզեր։ Բայց մտածեցէք անգամ մը, որ դուք մահմետական էք եւ հայկական եկեղեցի մը ունիք։ Ինչ որ պիտի ընէք, շո՛ւտ ըրէք, որպէսզի մեր ցաւը աւելի չխորանայ»։
Բացի այս նամակին համար բացուած արշաւէն, Ալթայլըի «Հապերթիւրք» թերթի խմբագրատան առջեւ Երեքշաբթի օր ցոյց մը կատարուեցաւ՝ Յեղաշրջական ընկերվարական բանուորական կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին կողմէ։ Ալթայլըի ապահովութեան պաշտօնեաները ուզեցին արգելք հանդիսանալ այս ցոյցին, սակայն ցոյցը կատարուեցաւ ու պարզուեցան պաստառներ, ուր կը կարդացուէին. «Այս ժառանգութիւնը Ցեղասպանութեան մրցանակ է», «Բռնագրաւուած եկեղեցիները հայերուն վերադարձնել», «Անձ մը ինչպէ՞ս կրնայ եկեղեցի ունենալ», «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ ենք»։
Այս առթիւ բոլոր ցոյցերուն ու այդ մասին հրատարակուած լուրերուն մէջ ցուցարարները յիշեցուցին, թէ Ալթայլը այն անձն է, որ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ կրցած է ըսել. «Կը թքնեմ բոլո՛ր անոնց երեսին, որոնք կ՛ըսեն, թէ ցեղասպանութիւն գործուած է»։ Այսպիսի անձ մը հիմա կը յայտնուի իբրեւ հայերէ բռնագրաւուած եկեղեցիներու սեփականատէր։
«Հիմա Ալթայլըի կը հարցնենք. անձ մը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կրցած է տիրանալ եկեղեցիի մը: Հոն նախապէս որո՞նք կ՛ապրէին, ո՞ւր են անոնք հիմա», ըսուած է ցուցարարներու հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ Ալթայլը Չորեքշաբթի օր պատրաստակամութիւն յայտնած է յանձնելու Վանի Վարագավանքը «օգտագործելու իրաւունքը»՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կամ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, եթէ այդ կառոյցները նման փափաք յայտնեն:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պօզտաղ Երեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ 349 եկեղեցի կամ սինակոկ կը գործէ: Գործող աղօթատեղիներուն մէջ կայ 38 սինակոկ, 140 յունական եկեղեցի, ասորիներու 58 եկեղեցի եւ հայկական 52 եկեղեցի:
Արդարութեան յաղթանակը տակաւին պիտի գայ մեծ թափով:
Արդարութեան յաղթանակը տակաւին պիտի գայ մեծ թափով: