ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Ամէն իրիկուն, երբ հեռատեսիլէն օրուան գլխաւոր լուրերուն հետեւելու ժամը կը հասնի, կը նստիմ գործիքին դիմաց եւ ես զիս կը պատրաստեմ տեսնելու, թէ ո՛ւր դարձեալ երկինքէն կրակ ու մահ տեղացած է մարդոց վրայ: Հաճելի չէ, բայց կարելի չէ անտարբեր մնալ աշխարհի եղելութիւններուն նկատմամբ: Մարդ, ի՛նչ ասպարէզի ալ պատկանի, ի՛նչ տարիք ալ ունենայ, պէտք է հետեւի օրուան լուրերուն: Ո՛չ մէկը պէտք է մտածէ, թէ այդ լուրերը զինք չեն շահագրգռեր: Անտարակոյս, այստեղ բնակող մարդու մը կեանքին համար բախտորոշ դէպք չէ, օրինակ՝ Իրաքի կամ Պաղեստինի կամ չեմ գիտեր ո՛ր երկրի մէջ պատահած աղէտ մը, սպանդ մը, ահաբեկչութիւն մը, պատերազմ մը: Այդտեղ հազար հոգի կրնայ մեռնիլ, առանց որ այստեղ մեր քիթը արիւնի: Ասիկա բնական է: Աստեղ մեր քիթը պիտի չարիւնի: Բայց պայման է, որ մեր սիրտը արիւնի: Պայման է, որ սրտի ճմլում մը ունենանք: Պայման է, որ համակրանքով լեցուինք աշխարհի այն անմեղ մարդոց նկատմամբ, որոնք մեղաւորներու զոհ կ՛երթան: Պայման է, որ ընդվզինք այն բարի ու անմեղ մարդոց համար, որոնք զոհ կը դառնան աւազակներու կամ չարագործներու: Պայման է, որ ափսոսանք, երբ զինուոր մը ուրիշ զինուորի վրայ կրակ կը բանայ ու կը սպաննէ զայն: Պայման է, որ հարց տանք, թէ փակ դռներու ետին ինչե՞ր մասին կը խօսին երկու երկիրներու նախագահներ կամ վարչապետներ, եթէ անոնք չեն փնտռեր իրենց ժողովուրդները երջանկացնելու ուղիները: Պայման է, որ սարսափինք հեռաւոր երկրի մը մէջ պատահած երկրաշարժի մը տեսարաններուն դիմաց: Ճիշդ է, որ այս լուրերն ու անոնց ընկերակցող տեսարանները կը խանգարեն մեր տրամադրութիւնը, կրնան բարոյալքել մեզ, կրնան վնասել մեր հոգեկան ու մարմնական առողջութեան, կրնան մեր քունը փախցնել, բայց պայման է, որ մենք այս տուրքը վճարենք ու բաժնենք աշխարհի ուրիշ կէտերուն վրայ ապրող մարդոց ցաւերը, պայման է նաեւ, որ հասկնանք, թէ աշխարհի վրայ ի՛նչ կ՛անցնի՛ կը դառնայ, աշխարհը դէպի ո՞ւր կ՛երթայ, եւ հաւատանք նաեւ, թէ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր մէկ կէտին վրայ պատահած ամէնէն աննշան դէպքն իսկ բանով մը կը կապուի մեր կեանքի պատասխանատուութիւններուն, բանով մը կը չափէ մեր մարդկային արժանապատուութիւնը եւ օր մը յանկարծ մեր դիմաց կրնայ ելլել որպէս մեր հաւասարակշռութիւններն ու ներդաշնակութիւնները խանգարող ազդակ: Պայման է, որ չընդունուին առարկութիւնները բոլոր անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ՝ «ես լուր չունէի, ես չէի գիտեր»: Գիտնալը, լուր ունենալը պարտականութիւն է, պարտաւորութիւն է: Զարմանալին այն է, որ այս «պարտաւորութեան» վրայ շեշտ չի դրուիր բնաւ: Շեշտ կը դրուի միայն մարդոց լուր ունենալու, գիտնալու «իրաւունք»ին վրայ: Միշտ կը պնդուի, թէ մարդոց իրաւունքն է լուր ստանալ, գիտնալ: Այդ պատճառաւ ալ կը պաշտպանուի մամուլի ու լրատուութեան ազատութիւնը: Մամուլը ազատ պէտք է ըլլայ, որպէսզի յարգէ մարդոց լուր ստանալու, իմանալու իրաւունքը: Չափազանց սուրբ իրաւունք մըն է այս բնականաբար: Մարդոց այս իրաւունքէն անհանգիստ կ՛ըլլան անո՛նք միայն, որոնք ժողովուրդներէն պահելու բան ունին: Իսկ աշխարհի մտաւորականութեան թիւ մէկ պարտականութիւնն է պաշտպանել մարդոց այս իրաւունքը: Պահանջել, որ ղեկավարութիւնները թափանցիկ ըլլան, հաշուետուութիւն ընեն, տեղեկութիւններ տան հանրութեան: Անշուշտ որ այդպէս պէտք է պահանջեն: Բայց, մարդոց իմանալու ու սորվելու «իրաւունք»ը պաշտպանելէ վերջ, բաւականաչափ կերպով կ՛ընդգծե՞ն արդեօք նաեւ մարդոց իմանալու ու սորվելու «պարտաւորութիւն»ը: «Ես գիտնալու իրաւունք ունիմ» ըսող նախանձախնդիր մարդուն կ՛ըսե՞ն արդեօք. – Դուն ո՛չ միայն գիտնալու իրաւունք ունիս, այլ նաեւ պարտաւոր ես գիտնալ:
Այստեղ հարց մը կը ծագի ահաւասիկ: Եթէ քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներու մէջ օրէնքներու պաշտպանութեան տակ առնուած է սորվելու ու իմանալու մեր իրաւունքը, ատոր փոխարէն կը կարծենք, թէ տակաւին ո՛չ մէկ օրէնք մեզմէ հաշիւ կը պահանջէ սորվելու ու իմանալու մեր պարտաւորութեան առնչութեամբ: Մենք այսօր ընկերային հաւաքոյթներու մէջ կամ դատաւորներու դիմաց կրնանք հանգիստ ու պարտաճանաչ մարդու հանգստութեամբ ըսել.
– Չեմ գիտեր, տեղեակ չեմ, ես օրուան լուրերուն չեմ հետեւիր, ձանձրացած եմ օրուան լուրերէն, կամ՝ նողկանք կը զգամ օրուան լուրերէն, կամ՝ ժամավաճառութիւն կը նկատեմ օրուան անվերջանալի լուրերուն հետեւիլը, կամ՝ արդէն ժամանակ չունիմ աշխարհի հարցերով զբաղելու, կամ՝ ես կրնա՞մ բան մը փոխել, եթէ հետեւիմ օրուան լուրերուն, կամ՝ ես միայն իմ անձս մօտէն շահագրգռող լուրերով կը հետաքրքրուիմ: Իմ գործս ինծի կը բաւէ: Ուրիշներն ալ ինձմով կը զբաղի՞ն արդեօք. ինծի համար սիրտ կը սպառե՞ն:
Ոմանք թող կատակ նկատեն, բայց մենք հարց տանք: Երկիր մը ժողովրդավար ու ազատ երկիր ըլլալէ կը դադրէ՞ր արդեօք, եթէ օրէնքի ուժով բանտարկութեան դատապարտէր այն քաղաքացին, որ անտարբերութիւն պիտի արտայայտէր աշխարհի անցուդարձերուն նկատմամբ եւ ուս թօթուելով՝ պիտի ըսէր. «Օրուան լուրերը զիս չեն շահագրգռեր»:
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ Պոլիս հրատարակուող «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է: Իր հետ կարելի է կապուիլ գրելով rh@normarmara.com հասցէին: