Ռումանիոյ մէջ Սեպտեմբեր 21էն 23 կայացած «Հայկական օրեր»ու շրջանակէն ներս, Պուքրեշի «Գիւղի թանգարան»ին մէջ կազմակերպուցեան մշակութային տօնական ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցաւ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկների մատեան» վէպը:
Այս առնչութեամբ, հանդիսութեան նախօրեակին Պուքրեշի թրքական դեսպանատունը նամակ յղած է Ռումանիոյ արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն, այն մտահոգութեամբ, որ նշեալ վէպը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի մասին հին լուսանկարներու ցուցահանդէսը եւ ռումանական պատկերասփիւռին կողմէ նկարուած հայ որբերու մասին վաւերագրական ժապաւէնը կրնան թշնամական զգացումներ առթել թուրք ժողովուրդին հանդէպ: Ռումանական իշխանութիւնները, պատասխանելով թրքական սոյն մտահոգութեան՝ ըսած են, որ «Հայկական մշակոյթի օրեր»ը մշակութային բնոյթ ունեցող ձեռնարկ է, եւ թէ իրենց երկիրին մէջ կը յարգուի խօսքի ազատութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.