ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը շուրջ 800 հիւր ընդունած էր Հայաստանի անկախութեան 21րդ տարեդարձին առիթով: Ներկայ էին աւելի քան 60 երկիրներու դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, անուանի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ:
«Այս տարուան առանձնայատկութիւնն այն էր, որ թէ՛ ընդհանուր քանակը եւ թէ օտար հիւրերի քանակը աւելի շատ էր նախորդ տարուան համեմատ», կը յայտնէ Սմբատ Խաչատրեան՝ օգնականը Եգիպտոսի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեանի:
Ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Մելքոնեան խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին՝ զայն նկարագրելով իբրեւ «հայ ժողովուրդի դարաւոր իղձերու եւ երազանքներու իրականացում»:
Ընդունելութեան ներկայ էին Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան խորհրդարանի Վերին պալատի փոխնախագահ Թարեք Սահրի, արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, մշակոյթի եւ այլ նախարարութիւններու ու գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, իսկ հայ համայնքէն՝ Եգիպտոսի Հայ առաքելական համայնքի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Գահիրէի եւ Աղքեսանդրիոյ Թեմական ու Քաղաքական ժողովներու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ ու Եգիպտոս բնակող Հայաստանի քաղաքացիներ:
ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ նախօրէին ՀՀ դեսպանութիւն այցելած էր Եգիպտոսի նախագահ Մոհամմետ Մուրսիի անձնական ներկայացուցիչ Ահմետ Անսարի, որ ՀՀ Անկախութեան տօնին առթիւ դեսպան Մելքոնեանի փոխանցած էր «երկրի ղեկավարին ջերմագին շնորհաւորանքները եւ բարեմաղթանքները՝ ուղղուած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.