
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի սրահին մէջ, ամերիկահայ երիտասարադ Տիգրան Առաքելեանի խմբավարութեամբ, համալսարանի նուգախումբը պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս» («Masquerade») ստեղծագործութիւնը: Խմբավարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.TigranArakelyan.com կայքը: