ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սեպտեմբեր 29ին, երկու դեմոկրատ քոնկրեսականներ՝ Հաուըրտ Պըրմընի եւ Պրետ Շըրմընի միջեւ ծաւալած բանավէճի երկրորդ մասը կայացաւ Էնսինօ քաղաքի «Ֆերահեան» դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Բանավէճը կազմակերպած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Քոնկրեսական Շըրմըն ըսաւ. «Մենք պէտք է ճանչնանք Ցեղասպանութիւնը՝ ոչ միայն Հայաստանի համար, ոչ միայն Ամերիկայի համար, այլեւ թրքական պետութեան համար, որ երբեք ժամանակակից պետութիւն չի դառնար, մինչեւ դէմ յանդիման չգայ իր պատմութեան հետ»:
Դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը չգործածելուն համար, քոնկրեսական Շըրմըն ըսաւ. «Այս ի՞նչ գերտէրութիւն է, որ դողդողայ պատմութեան առջեւ: Այս ի՞նչ գերտերութիւն է, որ կ՛անհանգստանայ Թուրքիոյ սպառնալիքներէն: Ամբողջ աշխարհի մէջ տասնեակ խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ճիշդ ժամանակն է, որ Քոնկրեսը նոյնքան քաջութիւն ցուցաբերէ»:
Ի պատասխան այն հարցին, թէ ի՞նչ կ՛ընեն երկու քոնկրեսականները Իսրայէլի նման Ամերիկայի դաշնակիցները քաջալերելու համար, որպէսզի անոնք ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քոնկրեսական Պըրմըն յայտարարեց, որ «յանդգնութիւն պիտի ըլլայ պետութեան մը համար, որ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սկսիլ թելադրել այլ պետութիւններու, թէ անոնք ինչ պէտք է ընեն: Ուստի, նախ՝ պէտք է այս (Ցեղասպանութեան) բանաձեւը վաւերացնել, եւ մղել ու համոզել գործադիր իշխանութիւնը՝ նեցուկ կանգնելու անոր, եւ ապա, պիտի ուզենք զայն դարձնել միջազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը կորիզը: Սակայն, մենք լրջօրէն չենք կրնար մէկ այլ կառավարութեան ըսել, թէ անոնք պէտք է ընեն որեւէ բան, որ մենք դեռ չենք ըրած»:
Քոնկրեսական Շըրմըն աւելցուց. «Ես հպարտ եմ, որ Երուսաղէմի Ողջակիզման «Եատ Վաշեմ» թանգարանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը հպարտանամ, որ Ուաշինթընի Ողջակիզման թանգարանը եւս նոյնը ըրած է: Մենք պէտք է ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մակարդակով, սակայն ես կը համարձակիմ իսրայէլացի ընկերներուս կոչ ընելու, որ աւելի կանուխ ճանչնան զայն՝ մինչ մենք կը փորձենք նոյնը իրականացնել՝ հոս: Նաեւ, Իսրայէլի քաղաքականութիւնը քիչ մը տարբեր է: Այստեղ, դեռ պատրանքներ կը տածեն, որ Թուրքիա Ամերիկայի կարեւոր դաշնակից է: Իսրայէլի մէջ այդ պատրանքները քիչ թէ շատ վերջերս փշրուեցան: Այդ իսկ պատճառով, Իսրայէլը կրնայ կանխել Միացեալ Նահանգները՝ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Եւ, նկատի առնելով Իսրայէլի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հրեայ ժողովուրդի պատմութիւնը, կարծեմ, այդ մէկը ընելը շատ կարեւոր է: Ուստի, ես օրինակ, չեմ համարեր, որ մենք պէտք է Իսրայէլէն ակնկալենք կամ կոչ ընենք անոր, որ մեզմէ առաջ անցնի, այլ պէտք է մենք մեզ ոգեւորենք՝ կարելի եղածին չափ արագ առաջ շարժելու համար»:
Բանավէճը վարող Յարութ Սասունեան ըսաւ. «Ի գիտութիւն, կը ցանականայի որոշ պարզաբանումներ կատարել ձեր երկուքի տուած պատասխաններուն առնչութեամբ: Նախքան Իսրայէլին խուսանաւելու առիթ ընձեռելը, որ սպասէ այս հարցի վերաբերեալ մեր որոշում կայացնելուն, կարծեմ, լաւ կ՛ըլլայ յիշել, որ երկու անգամ՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն, Ներկայացուցիչներու տունը լիագումար նիստերուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւեր վաւերացուցած է: Ուստի, Իսրայէլ ստիպուած չէ սպասելու, որ Ամերիկան այդ մէկը առաջինը ընէ: Մենք երկու անգամ արդէն ճանչցած ենք, այնպէս որ այդ ընթացքին անոնք կրնան այդ մէկը առնուազն մէկ անգամ ընել»:
Քոնկրեսական Պըրմըն նշեց, որ «պատմական նկատառումներէ մեկնելով, Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ: Յատկապէս Իսրայէլը՝ պէտք է այդ մէկը ընէ»:
Քոնկրեսական Շըրմըն իր կարգին յայտնեց, թէ Իսրայէլ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «որովհետեւ այդ մէկը բարոյական հարց է եւ, քանի որ պատմական փաստերը կան»:
Այն հարցին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները պէ՞տք է դադրեցնէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներու վրայ տեղակայուած Թուրքիոյ մէջ Ինճիրլիքի ռազմաօդային խարիսխին վարձակալութեան համար թրքական կառավարութեան վճարումները եւ այդ գումարները վճարէ այդ հողատարածքի հայ սեփականատէրերու ժառանգներուն, քոնկրեսական Շըրմըն յայտարարեց. «Ես անհամբեր կը սպասեմ արտաքին քաղաքականութեան այնպիսի մշակման, որով մենք աւելի քիչ կախուած կ՛ըլլանք Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած խարիսխներէն, որովհետեւ կը տեսնեմ, որ անոնք կը փորձեն քարոզչութիւն ծաւալել Փենթակոնի եւ Քոնկրեսի մէջ՝ Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար, հիմնուելով այն տեսութեան վրայ, որ «օ՜, դուք մեր կայաններու կարիքը ունիք»: Մենք կրնանք եւ պէտք է աշխատինք Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի մեր այլ դաշնակիցներուն հետ՝ ունենալու համար խարիսխներու այնպիսի կառուցուածք, որ չի պահանջեր վարձակալութեան գումարներ վճարել թրքական պետութեան. սակայն, քանի դեռ մեր խարիսխը այդ հողերուն վրայ է, ան կը դառնայ հիանալի փաստարկ մը՝ հայկական պետութեան յաւելեալ օգնութիւն ցուցաբերելու ջանքերուն համար, որովհետեւ մենք այդ տարածքներու վրայ ենք»:
Քոնկրեսական Պըրմըն ըսաւ. «Քոնկրեսի մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ հնչած յայտարարութիւններէն մէկն է հետեւեալը. «Օ՜, թուրքերը մեզ դուրս կրնան քշել Ինճիրլիքէն»: Թուրքերը մեզ Ինճիրլիքէն վռնտելու մտադրութիւն չունին: Անոնք կ՛ուզեն, որ մենք այնտեղ ըլլանք, անոնք բուռն փափաք ունին, որ մենք այնտեղ ըլլանք: Այս մէկը ծխածածկոյթ մըն է եւ առարկութիւն մըն է, որուն հետ թրքական դիրքորոշումը սատարող մարդիկ կը վախցնեն Քոնկրեսին՝ մտածել տալով, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւին մեծ վտանգներու առջեւ կրնայ դնել մեր ազգային ապահովութիւնը»:
(Շարունակելի)
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Եռագոյն»