
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- «Արմէնփրէս»ի լրագրող Էմմա Արգութեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Եւրոխորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու հարցով ենթայանձնաժողովի նախագահ Պարպարա Լէօխպիլեր անդրադարձած է ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուին յանձնելու Հունգարիոյ իշխանութիւններու քայլին:
Յիշեցնենք, որ Եւրոխորհրդարանը իր խիստ մտահոգութիւնը յայտնած էր՝ քննադատական բանաձեւ մը վաւերացնելով:
Լէօխպիլեր նշած է, թէ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւի վաւերացման կողքին, եւրոպական քաղաքականութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ Եւրոխորհուրդը եւս դատապարտած են արարքը, իսկ Եւրոխորհրդարանը յանձնարարած է իր նախագահին, որ շարունակէ այս հարցին հետապնդումը:
Այն հարցումին, թէ ինք վերոյիշեալ բանաձեւը նախաձեռնած «Ազատականներու եւ ժողովրդավարներու դաշինք յանուն Եւրոպայի» խմբակցութեան կողմէ բանաձեւին դէմ քուէարկելու որոշումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունի՞, յատկապէս՝ ատրպէյճանական հաւանական ճնշումներուն կապակցութեամբ՝ Լէօխպիլեր ըսած է. «Անկեղծօրէն չեմ կրնար պատասխանել, թէ ինչո՛ւ այդ խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց բանաձեւին, որուն նախաձեռնողներէն մէկն էր ինք: Քուէարկութեան շուրջ խմբակցութեան անդամներուն կեցուածքը անհասկնալի է ինծի համար: Սակայն, անոնց քուէն չազդեց քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ»: