
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը տագնապահար սուրիահայութեան ի նպաստ մարդասիրական օգնութեան իր առաջին փոխանցումը իրականացուց՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ Սուրիահայութեան միացեալ մարմինին համար հաստատուած յատուկ հաշիւին:
Գործադիր մարմինի գանձապահ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը յայտնեց. «Ուրախ ենք որ, թէեւ ուշացումով՝ կրցանք յաղթահարել կառավարական կանոններու խոչընդոտները մեր առաջին՝ 75 հազար տոլարի, փոխանցումը յաջողեցնելու համար: Ստացուած խոստումներով եւ յաւելեալ նուիրատուութիւններով մեր յաջորդ փոխանցումը պիտի ըլլայ 25 հազար եւս»:
Բերիոյ թեմի Ազգ. առաջնորդարանի դիւանը նախապէս հաղորդած էր, թէ կաթողիկոսարանը յատուկ հաշիւ մը բացած է՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայրենակիցներու հաստատած միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ Սուրիահայութեան համար ղրկուած գումարները ընդունելու համար:
Սնունդի, դեղորայքի, պատսպարանի, շտապ օգնութեան եւ այլ անհրաժեշտ պէտքերու համար պիտի տրամադրուի օգնութիւնը՝ ըստ տեղական պէտքերու՝ տեղւոյն Աուրիահայութեան շտապ օգնութեան միացեալ մարմիններու հայեցողութեամբ:
Փոխանցուած գումարը հաւաքուած էր ուղարկուած չէքերու, կայքէջի միջոցով եւ Սեպտեմբեր 19ին տեղի ունեցած հանգանակային ձեռնարկի ընթացքին հաւաքուած նուիրատուութիւններով: Անհատական կամ խմբային նախաձեռնութեամբ ձեռնարկները կը շարունակուին:
Հոկտեմբեր 7ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ նախաճաշի ձեռնարկին ընթացքին հանգանակուած է 3130 տոլար: Հոկտեմբեր 8ին, Նորթրիճի «Մետիթերենիըն Պիսթրօ»էն ներս կայացած ձեռնարկին ընթացքին գոյացած է 7850 տոլար: Քալիֆորնիոյ նահանգային փոխադրամիջոցներու բաժանմունքի (Caltrans) Լոս Անճելըսի գրասենեակի նահանգային եւ քաղաքային պաշտօնեաները հանգանակած են 670 տոլար:
Նաեւ, այս գծով, Նոյեմբեր 11ին, Փասատինայի «Սիվիք» հանդիսասրահին մէջ համերգ մը կը ծրագրուի «Artists for Kids» կազմակերպութեան գործակցութեամբ:
Սուրիահայութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ապահովութեան սուր իրավիճակ մը ունի այս օրերուն: Այս առթիւ, Զօրակցութեան միացեալ մարմինի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Զաւէն Խանճեանը կոչ ուղղեց՝ օգնութեան ձեռք երկարելու, յոյս ներշնչելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ հարցնելով՝ «Նպաստդ բերա՞ծ ես սուրիահայութեան»:
Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է ուղարկել հետեւեալ հասցէով. Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948, կամ «քրետիթ քարտ»ի միջոցով՝ համացանցի հետեւեալ հասցէով՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամներն են՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան թեմը, Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: